Search
Close this search box.

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարար. «Կ՚աջակցինք Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման անկեղծ ջանքերուն»

 Դեկտեմբեր 16-ին, Թուրքիոյ  Պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր տարեվերջի իրադարձութիւնները ամփոփող հանդիպում ունեցած է լրագրողներու հետ եւ պատասխանած անոնց հարցումներուն։

Ան նշած է, թէ  իրենք միշտ ալ «Ազերպայճանցիներու կողքին եղած են՝ անոնց արդար պայքարին մէջ», շեշտելով, որ 2023-ին Ազերպայճանի զինուժին հետ 14 միատեղ ռազմափորձերու մասնակցած են:

“Կովկասի մէջ անվտանգութեան եւ խաղաղութեան հաստատումը կարելի պիտի ըլլայ Ազերպայճանի ու Հայաստանի միջեւ համապարփակ եւ մնայուն խաղաղութեան պայմանագրին միջոցով։ Կ՚աջակցինք այդ ուղղութեամբ տարուող անկեղծ ջանքերուն եւ կը փափաքինք, որ ան կարելիին չափ արագ հանգուցալուծուի։ Կ՚ողջունենք երկու երկիրներու վերջին օրերուն կայացուցած որոշումը՝ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած քայլերու առումով”,– յայտարարած է թուրք նախարարը։