Search
Close this search box.

Թրքական թերթէն ահաւոր  եւ խիստ մտահոգիչ զրպարտութիւններ

 

«Ֆրան­սա եւ Իրան խա­փանա­րարու­թիւն կը սար­քեն Զան­գե­զու­րի մէջ. հոն 10 հա­զար հրո­սակ տե­ղաւո­րուած է»

Թրքա­կան իշ­­խա­­­նամերձ «Թիւրքի­­յէ» թեր­­թը վե­­րոն­­շեալ խո­­րագ­­րով խիստ ծան­­րակշիռ ու այ­­լա­­­պէս մտա­­հոգիչ զրպար­­տութիւններ կ՚ընէ Հա­­յաս­­տա­­­նի հաս­­ցէին, բաժին հանե­­լով նաեւ Ֆրան­­սային, Իրա­­նին, Հնդկաս­­տա­­­նին եւ Քիւրտե­­րուն, ակնյայ­­տօ­­­րէն միակ նպա­­տակ ու­­նե­­­նալով ստեղ­­ծել գրգռու­­թիւն ու Ալիեւի առ­­ջեւ ճամ­­բայ հար­­թել՝ Սիւ­­նի­­­քի վրայ Ազեր­­պայճա­­նի այնքան ցան­­կա­­­ցած յար­­ձակման հա­­մար։ 

Լրատ­­ւութեան սկիզ­­բը թաւ գի­­րերով, որ­­պէս լու­­րին «մի­­ջուկ»-ը ներ­­կա­­­յացուած սա քա­­նի մը տո­­ղերը ար­­դէն բա­­ւական խօ­­սուն են եւ չեն կա­­րօտիր որե­­ւէ մեկ­­նա­­­բանու­­թեան.

«Հրո­­սակ­­նե­­­րուն, որոնց մէջ կը գտնուին նաեւ ՓՔՔ-ի ահա­­բեկիչ­­ներ, կը վճա­­րեն օրա­­կան 12 տո­­լար։ Այդ գու­­մարնե­­րը ապա­­հովող Ֆրան­­սա, զէնք ալ կը մա­­տակա­­րարէ։ Իսկ Իրան, Զան­­գե­­­զու­­րի գօ­­տիի եր­­կայնքին կ՚իւ­­րացնէ տա­­րածքներ ու կը տե­­ղաւո­­րէ իր զի­­նուոր­­նե­­­րը»։ 

«Թիւրքի­­յէ» այ­­նուհե­­տեւ կը գրէ (կը ներ­­կա­­­յաց­­նենք նոյ­­նութեամբ, թարգմա­­նաբար).

«Զան­­գե­­­զու­­րի մի­­ջանցքը, որ առեւտրա­­կան եւ քա­­ղաքա­­կան տե­­սան­­կիւնէն իրա­­րու պի­­տի կա­­պէ թրքա­­կան աշ­­խարհը, յայտնուած է ար­­տա­­­քին ու­­ժե­­­րու թի­­րախին։ Ֆրան­­սա­­­յի կող­­մէ գան­­ձատրուող հա­­զարա­­ւոր հայ հրո­­սակ­­ներ տե­­ղակա­­յուած են սահ­­մա­­­նին վրայ։ Իսկ Իրան ու Հնդկաս­­տան զէնք կ՚առա­­քեն դէ­­պի այդ թէժ տա­­րածաշրջա­­նը։

«Թիւրքիյէ»-ի լրատւութեան կցուած նկարներէն

Զան­­գե­­­զու­­րի հար­­ցը Ան­­թա­­­լիոյ դի­­ւանա­­գիտա­­կան հա­­մաժո­­ղովին քննար­­կուեցաւ պատ­­կան զրու­­ցա­­­կից­­նե­­­րու կող­­մէ։ Հայ­­կա­­­կան կող­­մը պաշտպա­­նեց այն տե­­սակէ­­տը, որ վե­­րահսկո­­ղու­­թեան ու շա­­հագործման իրա­­ւունքը կը պատ­­կա­­­նի իրենց։ Հա­­յաս­­տա­­­նի հետ յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու կար­­գա­­­ւոր­­ման գոր­­ծընթա­­ցին մէջ Թուրքիոյ յա­­տուկ ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Սեր­­տար Քը­­լըչի մաս­­նակցու­­թեամբ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած բա­­նակ­­ցութիւննե­­րուն թրքա­­կան կող­­մը առա­­ջար­­կեց Զան­­գե­­­զու­­րին տալ յա­­տուկ կար­­գա­­­վիճակ, կի­­րար­­կե­­­լով Կա­­լինինգրա­­դի մո­­տէլը, որ ու­­նի ինքնա­­վար նա­­հան­­գի կար­­գա­­­վիճակ, թէեւ կա­­խեալ է Ռու­­սաստա­­նէն։ Դի­­ւանա­­գիտա­­կան հա­­մաժո­­ղովին ելոյթ ու­­նե­­­նալով՝ Ազեր­­պայճա­­նի փոխ­­նա­­­խագահ Հիք­­մեթ Հա­­ճիեւ ըսաւ, որ Հա­­յաս­­տա­­­նի Սահ­­մա­­­նադ­­րութեան որոշ յօ­­դուած­­ներ կը սպառ­­նան Ազեր­­պայճա­­նի տա­­րած­­քա­­­յին ամ­­բողջա­­կանու­­թեան։

 

ԴՐԱ­­ՄԸ ԿՈՒ ԳԱՅ ՓԱ­­ՐԻԶԷՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԷՆ

Ազեր­­պայճան­­ցի փոր­­ձա­­­գէտ Կաֆ­­ֆար Մեհ­­տիեւ բա­­ցատ­­րեց, որ 10 հա­­զար հո­­գի, ի շարս որոնց ՓՔՔ-ի ահա­­բեկիչ­­ներ, տե­­ղակա­­յուած են Զան­­գե­­­լանէն սկսող եւ մին­­չեւ Թաշ­­քե­­­սեն եր­­կա­­­րող գի­­ծին վրայ։ «Սաս­­նայ ծռեր», «Վո­­մա», «Նոր Ասա­­լա», «Բե­­ւեռ» եւ «Երկրա­­պահ» խմբա­­ւորումնե­­րու օրա­­կան վարձքը, որ անոնց իւրաքանչիւր անդամի համար կը կազ­­մէ 12 տո­­լար, կը դի­­մագ­­րա­­­ւուի Ֆրան­­սա­­­յի եւ հայ­­կա­­­կան սփիւռքին կող­­մէ ստեղ­­ծուած յա­­տուկ հիմ­­նադրա­­մին կող­­մէ։

Անվտան­­գութեան աղ­­բիւրնե­­րուն (sic) յայտնի դար­­ձած է, որ Հա­­յաս­­տան-Ազեր­­պայճան սահ­­մա­­­նային գի­­ծին վրայ եւ Զան­­գե­­­զու­­րի մէջ տե­­ղակա­­յուած ահա­­բեկիչ­­ներն ու հրո­­սակ­­նե­­­րը հա­­ւաքագ­­րուած են Սու­­րիայէն, Լի­­բանա­­նէն, եւ­­րո­­­պական եր­­կիրնե­­րէ, Իրա­­նէն եւ ԱՄՆ-էն։

«Թիւրքիյէ»-ի լրատւութեան կցուած նկարներէն

 

ԵՐԵ­­ՒԱՆ ՊԱ­­ՏԵՐԱԶ­­ՄԻ ԿԸ ՊԱՏ­­ՐԱՍՏՈՒԻ

Ընդգծե­­լով, որ ներ­­կայ իրա­­վիճա­­կը կա­­յուն չէ, փրոֆ. դոկտ. Մեհ­­տիեւ ու­­շադրու­­թիւն հրա­­ւիրեց սահ­­մա­­­նին ոտնձգու­­թիւննե­­րու վրայ եւ զգու­­շա­­­ցուց.

“Զան­­գե­­­զու­­րը մի­­ջանցք մը չէ, որ կը շահագրգռէ միայն թրքա­­կան աշ­­խարհն ու Հա­­յաս­­տա­­­նը. ան կա­­րեւոր նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի տա­­րածաշրջա­­նի եւ հա­­մաշ­­խարհա­­յին առեւ­­տուրի դիտանկիւնէն։ Հա­­յերը չյար­­գե­­­ցին իրենց ոչ մէկ խոս­­տումը։ Անոնք, Ան­­թա­­­լիոյ մէջ ալ շա­­րու­­նա­­­կեցին պնդել, որ անվտան­­գութեան եւ առեւ­­տուրի առու­­մով՝ Հա­­յաս­­տա­­­նի օրէնքնե­­րը պէտք է գոր­­ծեն։ Ռու­­սաստան, Թուրքիա եւ Ազեր­­պայճան ի հար­­կէ չեն ըն­­դունիր այդ։ Հա­­յերը երեք տա­­րիէ ի վեր, Ֆրան­­սա­­­յէն ու Իրա­­նէն իրենց ստա­­ցած հրա­­հանգնե­­րուն հե­­տեւե­­լով՝ չա­­ռին դոյզն քայ­­լը։ Անոնք գաղտնի կը պատ­­րաստուին պա­­տերազ­­մի։ Ղա­­րաբա­­ղեան բռնագ­­րաւման ըն­­թացքին այսպէս կո­­չուած հրա­­մանա­­տար Սա­­մուէլ Բա­­բայեան բա­­ցայայ­­տեց այս իրա­­կանու­­թիւնը։ Ան յայ­­տա­­­րարեց, որ բո­­լորը պէտք է պատ­­րաստ ըլ­­լան պա­­տերազ­­մի։ Հնդկաս­­տան, Իրան եւ Ֆրան­­սա կ՚ու­­զեն տա­­րածաշրջա­­նը վե­­րածել հու­­րէ գնդա­­կի՝ բարդ զէն­­քե­­­րու գոր­­ծա­­­ծու­­թեամբ”։

 

ՀՆԴԿԱՍ­­ՏԱՆ՝ ՀՐԹԻՌ­­ՆԵՐ, ԻՍԿ ՖՐԱՆ­­ՍԱ՝ ԶԷՆՔ ՄԱ­­ՏԱԿԱ­­ՐԱՐԵ­­ՑԻՆ

Հա­­յաս­­տա­­­նի հա­­մար աշ­­խա­­­տող հրո­­սախումբե­­րու ան­­դամնե­­րը հա­­ւաքագ­­րուած են Սու­­րիայէն, Լի­­բանա­­նէն, Եւ­­րո­­­պայէն, Իրա­­նէն եւ ԱՄՆ-էն։ Ֆրան­­սա­­­ցի եւ իրան­­ցի ռազ­­մա­­­կան փոր­­ձա­­­գէտ­­նե­­­րը դա­­րանուած հրո­­սախումբե­­րուն կու տան գրգռու­­թիւններ հրահ­­րե­­­լու, ելեկտրո­­նային պա­­տերազմ մղե­­լու, հրթիռ, ական գոր­­ծա­­­ծելու եւ հե­­տախու­­զա­­­կան գոր­­ծո­­­ղու­­թիւններ ծա­­ւալե­­լու ուղղուած ու­­սում: Երե­­ւան խոս­­տո­­­վանե­­ցաւ, որ ժա­­մանա­­կակից զէն­­քի հա­­մակար­­գեր գնեց Ֆրան­­սա­­­յէն։ Հնդկաս­­տան Հա­­յաս­­տա­­­նի մա­­տակա­­րարեց նաեւ Brahmos գեր­­ձայնա­­յին հե­­ռահար թե­­ւաւոր հրթիռ­­ներ։

 

ԱԼԻԵՒ. «ՄԵՆՔ ՉԵՆՔ ԿՐՆԱՐ ՆՍՏԻԼ ՁԵՌ­­ՆԱ­­­ԾԱԼ ՈՒ ԴԻ­­ՏԵԼ»

Ռազ­­մա­­­գէտ Թա­­լեհ Շահ­­սուվար­­լը կը նշէ, որ Երե­­ւան կը յա­­մառի հա­­մաձայ­­նագրի յօ­­դուած­­նե­­­րը չգոր­­ծադրել, ապա­­ւինե­­լով ար­­տա­­­քին աջակ­­ցութեան։

Նշե­­լով, որ Ֆրան­­սա եւ Իրան տար­­բեր ծրագ­­րեր ու­­նին, Շահ­­սուվար­­լը ըսաւ. “Անոնք զի­­նեալ եւ զէնք կը կու­­տա­­­կեն Զան­­գե­­­զու­­րի գի­­ծին վրայ։ Բա­­ցի ատ­­կէ, մի­­ջանցքի հայ­­կա­­­կան կող­­մի բազ­­մա­­­թիւ գիւ­­ղեր պար­­պած են։ Իրան խա­­բելով՝ այդտե­­ղերէն հո­­ղեր կ՚իւ­­րացնէ ու իր զի­­նուոր­­նե­­­րը կը տե­­ղաւո­­րէ հոն։ Ֆրան­­սա ալ Փա­­շինեանին կու տայ խոր­­հուրդներ վերստին ամ­­րա­պնդե­­լու հա­­մար անոր ցրուած բա­­նակը եւ կը սպա­­ռազի­­նէ զայն”,–ըսաւ ան։

Ազեր­­պայճա­­նական անվտան­­գութեան աղ­­բիւրնե­­րը (sic) հա­­ղոր­­դե­­­ցին, թէ սահ­­ման տե­­ղափո­­խուած այդ հրո­­սախումբե­­րը ար­­ձա­­­նագ­­րուած չեն Հա­­յաս­­տա­­­նի պաշտպա­­նու­­թեան նա­­խարա­­րու­­թեան քով։ Նաեւ կը հա­­ղոր­­դուի, որ Պա­­քու նա­­խազ­­գուշա­­կան մի­­ջոց­­նե­­­րու կը ձեռ­­նարկէ այս աճող սպառ­­նա­­­լիք­­նե­­­րուն ու գրգռու­­թեան փոր­­ձե­­­րուն դէմ։ Հա­­յաս­­տա­­­նի սպառազի­­նու­­մը որա­­կելով լուրջ սպառ­­նա­­­լիք՝ Ազեր­­պայճա­­նի ղե­­կավար Ալիեւ յղեց հե­­տեւեալ պատ­­գա­­­մը. «Մենք այ­­լեւս չենք կրնար անար­­ձա­­­գանգ մնալ այս իրա­­վիճա­կին»։ ■