Search
Close this search box.

Ժ.-Ք. Պիւիսոնի անկիւնը

«Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժան-Քրիս­թոֆ Պիւիսոն՝ X ընկերային ցանցի իր հաշիւին տե­ղա­դրած վերջին գրառումներուն մէջ կ՚ըսէ.

Արցախը եւ Կազան

«Երբ Արցախի հայ բնակչութիւնը 9 ամիս շրջա­փակման ենթարկուեցաւ Ազերպայճանի կողմէ, մենք առաջարկեցինք օդա­յին ճամբով սննդեղէն փոխադրել՝ սովէն մահացող անոր 120 000 բնա­կիչ­նե­րուն հա­մար։ Մեզի ըսին՝ անկարելի է, արգիլուած է, ապօրինի է։ Նշենք, որ այդ արգելքները ի զօրու չեն, ըստ երեւոյթին, Կազայի բնա­կիչ­ներու պարագային»

***

Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքները

«Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան 31 գիւղեր բռնագրաւուած կը մնան Ազերպայճանի կողմէ (ընդհանուր առմամբ 170 քառ. քմ.)։ Անոնց գրեթէ բոլորն ալ Տաւուշի, Գեղարքունիքի, Սիւնիքի մէջ են։ Ո՞վ կը հետաքրքրուի եւ կը գայթակղի։ Ո՞վ կը դատապարտէ։ Ո՞վ կը պահանջէ, որ Ալիեւ ետ քաշէ իր զօրքերը»։