Search
Close this search box.

Ժ.-Ք. Պիւիսոնի մտահոգ եւ մտահոգիչ պատգամները

«Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխխմբագրապետ Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն, զոր այլեւս ներկայացնելու հարկը չենք տեսներ, Թուիթըրի իր հաշիւին հրապարակած յաջորդական երկու պատգամով մտահոգութիւն կը յայտնէ Հայաստան-Ազերպայճան սահմանային գօտիի իրավիճակին մասին։ Եւ հաղորդած տեղեկութիւնները իսկապէս ալ մտահոգիչ են։

Իր առաջին թուիթին մէջ, լրագրողը կը գրէ.-

«Մտահոգիչ։ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանութիւնը ահազանգային մակարդակը բարձրացուց ինչ կը վերաբերի Հայաստան-Ազերպայճան սահմանային գօտիին, եւ իր հպատակներուն կը յանձնարարէ խուսափիլ ճամբորդելէ դէպի Տաւուշի արեւելքը, Սեւանայ լիճի արեւելքը եւ հարաւը, Վայոց Ձոր, Սիւնիք եւ Երասխ (Նախիջեւանի սահմանը)»։   

Իսկ երկրորդ թուիթով մը ան կ՚աւելցնէ.-

«Մտահոգիչ՝ երկրորդ։ Երեւանի մէջ ռուսական դեսպանութիւնը եւս իր հպատակներուն յանձնարարեց չերթալ Գեղարքունիքի, Սիւնիքի եւ Վայոց Ձորի մարզերը»։