Հոկտեմբեր 14-ին, Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի (ԱԺ) նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Նուման Քուրթուլմուշի հանդիպումը, որու ընթացքին կողմերը քննարկած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման վերաբերող հարցեր:
Սիմոնեան թրքական կողմին ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ բանակցութիւններուն վերջին զարգացումները եւ վերահաստատած Հայաստանի պատրաստակամութիւնը խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթին:
Հանդիպման աւարտին, կողմերու միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է շարունակելու շփումները։
Յայտնենք, թէ մինչ այդ Նուման Քուրթուլմուշ ազերպայճանական պատուիրակութեան հետ հանդիպումին ըսած էր. “44-օրեայ պատերազմէն ետք, տարածաշրջանին մէջ նոր իրողութիւններ ի յայտ եկած են, այդ առումով Ղարաբաղի եւ Արեւելեան Զանգեզուրի մէջ իրականացուող լայնածաւալ շինարարական աշխատանքները, Զանգեզուրի միջանցքի բացումը մեծ կարելիութիւններ կը ստեղծեն թրքական աշխարհին եւ թրքախօս երկիրներուն համար”։
Հայաստանի ԱԺ-ի նախագահը հանդիպում ունեցած է նաեւ Միջխորհրդարանական միութեան մէջ Ֆրանսայի պատուիրակութեան ղեկավար Զաւիէ Եաքովելլիի հետ: Ջերմ ու բարեկամական մթնոլորտի մէջ ընթացած հանդիպումին կողմերը քննարկած են երկու երկիրներու միջխորհրդարանական յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Նշենք, թէ Հայաստանի ԱԺ-ի նախագահին եւ Ազերպայճանի Միլլի մեճլիսի (խորհրդարան) նախագահ Սահիպա Գաֆարովայի միջեւ նախատեսուած հանդիպումը ջնջուած է։
ԱԺ-ի նախագահի մամլոյ քարտուղար Մովսէս Յարութիւնեանի համաձայն՝ ազերպայճանական կողմը վերջին պահուն հրաժարած է նախապէս գոյացած՝ երկկողմ տեսակցութեան վերաբերող համաձայնութենէն։ Ան աւելցուցած է, թէ Ալէն Սիմոնեան այս կապակցութեամբ յաւելեալ տեղեկութիւն կը հաղորդէ Երեւան վերադարձին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։