Հոկտեմբեր 31-ին, Ժընեւի ՄԱԿ-ի կեդրոնի թիւ XXIII դահլիճին պատերը զարդարուած են գեղանկարիչ Ժան Պօղոսեանի երկու մեծադիր ստեղծագործութիւններով. անոնցմէ մէկը կը խորհրդանշէ Հայաստանը, իսկ միւսը՝ Ֆրանսան։ Սոյն դահլիճը ուր կը կազմակերպուին միջազգային հանդիպումներ ու ձեռնարկներ, այսուհետեւ պիտի հանդիսանայ ֆրանքեւհայկական բարեկամութիւնը խորհրդանշող գրասենեակ։
Այս առիթով կազմակերպուած հանդիսութեան ելոյթներ ունեցած են Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամութեան խումբի ղեկավար Վլադիմիր Վարդանեան, ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Անդրանիկ Յովհաննիսեան, Ծերակոյտի մէջ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Ժիլպէր-Լիւք Տըվինազ, ՄԱԿ-ի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժերոմ Պոնաֆոն, ՄԱԿ-ի գրասենեակի ընդհանուր տնօրէնուհի Թաթիանա Վալովայա եւ արուեստագէտ Ժան Պօղոսեան։
Ձախէն՝ Անդրանիկ Յովհաննիսեան, Թաթիանա Վալովայա, Ժան Պօղոսեան, Ժերոմ Պոնաֆոն, Ժիլպէր–Լիւք Տըվինազ եւ Վլադիմիր Վարդանեան
Բանախօսները անդրադարձած են Հայաստանի պատմութեան, անկախութեան, ֆրանքեւհայկական դարաւոր կապերուն ու ընդլայնուող համագործակցութեան։
Ձեռնարկին ներկայ եղած են Ժընեւի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, զուիցերահայ համայնքի անդամներ, հասարակական գործիչներ, մշակոյթի եւ գիտութեան բնագաւառի ներկայացուցիչներ:
Ելոյթներէն ետք տեղի ունեցած է ընդունելութիւն, նուիրուած Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։