Search
Close this search box.

Ի՞նչ քաղաքական յեղաշրջումներ՝ Թրամփի ընտրութեամբ

Թրամ­փի ընտրու­թիւնը Արեւ­մուտք-Արե­ւելք քա­ղաքա­կան հա­ւասա­րա­կշռու­թիւններն ու հա­շիւ­նե­րը խառ­նեց։ Ընտրա­պայ­քա­րի ժա­մանակ անոր յայ­տա­րարու­թիւնը թէ՝ 24 ժա­մուան մէջ կրնայ վերջ տալ Ռու­սաստան-Ուքրաի­նա պա­տերազ­մին, ՕԹԱՆ-ի շրջա­նակ­նե­րուն հա­մար անըն­դունե­լի էր եւ դեռ անըն­դունե­լի կը մնայ։ Այս առու­մով ՕԹԱՆ-ի նոր ղե­կավար Մարք Ռութի խիստ դի­մադար­ձութիւ­նը թէ ԱՄՆ-ն կրնայ հե­ռացուիլ ՕԹԱՆ-էն եթէ Ուքրա­նիան յանձնէ Ռու­սաստա­նին, ցոյց կու տայ եւ­րո­պացի­ներուն կա­տաղի վճռա­կամու­թիւնը տե­ղի չտա­լու նոյ­նիսկ ներ­կայ պայ­մաննե­րուն մէջ երբ ռազ­մա­ճակա­տին ռու­սա­կան ու­ժե­րու յա­ռաջ­խա­ղացումը զգա­լի է։ Ուքրաինա­յի հար­ցէն զատ, «Նախ Ամե­րիկան» կար­գա­խօսով նա­խագահ ընտրուած Թրամ­փ կ՚ուզէ ազ­գա­յին շա­հերու վրայ հիմ­նուած մաք­սա­պաշտպա­նական նոր աշ­խարհա­կարգ մը ձե­ւաւո­րել՝ քանդելով արեւմտեան ազա­տական աշ­խարհա­կար­գը, որ նոյ­նիսկ արեւմտեան պե­տու­թիւննե­րու մի­ջեւ մրցակ­ցութեան ու հա­կամար­տու­թեան նոր պայմաններ պի­տի ստեղ­ծէ։

Ուքրաինա­յի պա­տերազ­մին խա­ղա­ղու­թեամբ վերջ տալու մասին՝ այսպէս խոստումներ շռայլած Թրամփ չակնարկեց սակայն պա­ղես­տինցի­ներուն եւ լի­բանան­ցի­ներուն դէմ Իս­րա­յէլի ծա­ւալած ցե­ղաս­պա­նական պա­տերազ­մի կա­սեց­ման մասին, որ­քան ալ իս­րա­յէլա­կան քա­րոզ­չա­մեքե­նան զա­յն յոր­ջորջէ Հա­մասի ու Հեզ­պալլա­հի դէմ պա­տերազմ։ Սա­կայն, ան անդրա­դար­ձաւ Իրա­նի իս­լա­մական իշ­խա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րելու մա­սին։ Բնա­կանա­բար, Թրամ­փի ընտրու­թեան գլխա­ւոր ու­րա­խացո­ղը եղաւ Իս­րա­յէլի վար­չա­պետ Նե­թանիահու, որ Հոկ­տեմբեր 2023-էն ի վեր ոչ մէկ շօ­շա­փե­լի յա­ջողու­թիւն ար­ձա­նագ­րեց, ոչ պա­տանդնե­րու ազատ ար­ձա­կման, ոչ Հա­մասի ամ­բողջա­կան վե­րաց­ման կամ Լի­բանա­նի հա­րաւը մուտք գոր­ծե­լու եւ Հեզ­պալլա­հը բո­լորո­վին ոչնչաց­նե­լու նպատակին մէջ։ Միակ «ձեռքբե­րու­մը» եղաւ օդա­յին լայ­նա­ծաւալ յար­ձա­կումնե­րով՝ բնա­կելի թա­ղա­մա­սերու հիմնայատակ կործանումը եւ Հա­մասի կամ Հեզ­պալլա­հի բարձ­րաս­տի­ճան ղե­կավար­նե­րու սպա­նու­թիւ­նը։

Հարց է՝ ար­դեօք Թրամ­փի շու­կա­յա­մէտ տրա­մաբա­նու­թիւնը պի­տի ազ­դէ՞ նաեւ Իս­րա­յէլի շղթա­յազեր­ծած պա­տե­րազ­մը գան­ձատրե­լու քա­ղաքա­կա­նու­թեան վրայ։ Հոկ­տեմբեր 2023-էն ի վեր, Իս­րա­յէլ «վա­յելած» է ԱՄՆ-ու շուրջ 18 մի­լիառ տո­լարի տնտե­սական ու ռազ­մա­կան օգ­նութիւ­նը, քա­ղաքա­կան զօ­րակ­ցութեան կող­քին։ Աւարտ չու­նե­ցող պա­տերազ­մը արեւմտեան հա­սա­րա­կու­թեան մէջ պայթիւնավտանգ երկ­փեղ­կում ստեղ­ծած է։ Պա­տերազմ մը որ տա­րած­աշրջանա­յին պա­տերազ­մի վե­րածուելու բո­լոր բա­ղադ­րիչնե­րը ու­նի։

Սոյն երե­ւոյթնե­րուն դի­մաց, Ռու­սաստան իր դիր­քե­րը զօ­րացուց BRICS հար­թա­կը ստեղ­ծե­լով, Իրա­նի եւ Հիւ­սի­սային Գորէայի հետ ռազ­մա­կան գոր­ծակցու­թիւն հաս­տա­տելով։ Իրան եւս Արեւ­մուտքին եւ Իս­րա­յէլի դի­մակա­յելու նոր հար­թակներ կը ստեղ­ծէ, որոնցմէ վեր­ջի­նը Իրան-Սաու­տա­կան Արա­բիա միաս­նա­կան ծո­վային ռազ­մա­փորձեր կա­տարե­լու հա­մաձայ­նութիւնն է, որ ցոյց կու տայ Իս­րա­յէլի հան­դէպ արա­բական եր­կիրնե­րու դիր­քո­րոշու­մի փո­փոխու­թիւնը, ան­ցեալին նա­խագահ Թրամ­փի հո­վանա­ւորու­թեամբ ստո­րագ­րուած Աբ­րա­համի հա­մաձայ­նութիւննե­րէն հրա­ժարու­մը։

ՄԱԿ-ի կլի­մայի պաշտպա­նու­թեան ոլոր­տն ալ Թրամ­փի նա­խագահ ընտրու­թեամբ՝ արեւմտեան նախ­կին դաշ­նա­կից­նե­րու մի­ջեւ նոր հա­կադ­րութեան դաշտ մը կը ստեղ­ծէ։ COP29-ի Պա­քուի մէջ կա­յացու­մը ար­դէն բազ­մա­թիւ դժգո­հու­թիւններ ստեղ­ծեց Ազեր­պայճա­նի վար­չա­կար­գին՝ մարդկա­յին իրա­ւանց ոտ­նա­կոխու­մներուն, քա­րիւ­ղի վրայ հիմ­նուած տնտե­սու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ թշնա­մական վե­րաբեր­ումին, ռազ­մա­գերի­ներու ազատ ար­ձա­կման յամառ մերժումին, Ար­ցա­խի ցե­ղային մաք­րա­գոր­ծման պատճառներով, որոնց վրայ հիմա կ՚աւել­նայ նաեւ աշ­խարհի հզօ­րագոյն տնտե­սու­թեան հա­կառա­կու­թիւնը երկրա­գունդի ջեր­մաստի­ճանի բարձրա­ցման դէմ պայ­քարին։

Ի տես աշխարհաքաղաքական այս բարդ ու ողբալի կացութեան, դժուար է ըսել թէ ԱՄ­Ն-ու պահ­պա­նողա­կան նորընտիր նա­խագա­հին հա­մար Հա­րաւա­յին Կով­կա­սը առաջ­նա­հերթութիւն ըլ­լայ, նոյնիսկ եթէ ընտրա­պայ­քա­րի ժա­մանակ ակնար­կած է քրիս­տո­նեա­նե­րու պաշտպանութեան։ Քա­րիւղէն ան­դին՝ տա­րածաշրջա­նը մեծ խա­ղա­­ցող­նե­րը չի հե­տաքրքրեր։ Իսկ Հա­յաս­տան բնա­կան պա­շար­նե­րով հա­րուստ եր­կիր մը չէ։ Տնտե­սական դի­տան­կիւ­նէն՝ միակ հե­տաքրքրու­թիւնը որ կրնայ ներկայացնել՝ Ծայ­րա­գոյն արե­ւել­քէն դէպի արեւմուտք առաջնորդող, Ազեր­պայճա­նը Թուրքիոյ կա­պող, Սիւ­նի­քէն անցնող մի­ջին ճա­նապար­հի ծրագիրն է, որ կրնայ սեպուիլ Ռու­սաստա­նէն ու Չի­նաս­տա­նէն ձեր­բա­զատուելու մի­ջոց։

Ժ.Չ. ■