Search
Close this search box.

Իպրահիմ Ազիզի. «“Զանգեզուրի միջանցք”-ը կեղծ միջանցք է եւ Իրանի կարմիր գիծն է»

Իրանի խորհրդարանի Ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովի նախագահ Իպրահիմ Ազիզի յայտարարած է, թէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը կեղծ միջանցք է եւ ըստ էութեան, այդ միջանցքի անուան տակ տարածաշրջանին մէջ Իրանի ռազմական եւ քաղաքական հզօրութիւնը նուազեցնելու որոշ ծրագրեր կան: 

Իրանական Mehr լրասփիւռին համաձայն՝ Ազիզի մեկնաբանելով Զանգեզուրի միջանցքին շուրջ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումին երեւան եկած Մոսկուայի վերջին կեցուածքը, ըսած է. “Ակնյայտ է, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին առնչուող աշխարհաքաղաքական զարգացումները չեն բխիր տարածաշրջանի երկիրներու շահերէն եւ Իրան նոյնպէս կտրականապէս դէմ է ատոր”։

“Իրան կը զգուշացնէ անոնք, որոնք այդպիսի պատրանքներ ունին եւ որ նման որոշումներու հետեւանքները ծանր պիտի ըլլան անոնց համար”,– յայտարարած է իրանցի դիւանագէտը։

Ան աւելցուցած է, որ Իրան ուշադրութեամբ կը հետեւի Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն՝ շեշտելով, թէ իրենք բազմիցս տարբեր ձեւերով յայտարարած են շրջանի երկիրներուն, որ այդ միջանցքը կը համարուի իրենց կարմիր գիծը եւ հոն որեւէ փոփոխութիւն կամ գործողութիւն Իրանի կողմէ լուրջ եւ վճռական արձագանգի պիտի արժանանայ։