« Times of Israel » թերթը կը տեղեկացնէ, թէ Համասի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի դէմ Թեհրանի մէջ Յուլիս 31-ին գործուած մահափորձէն ետք՝ Իսրայէլէն վրէժ լուծելու իրանական կողմի սպառնալիքներու համածիրին մէջ՝ իսրայէլական բանակը ետ կանչած է Վրաստան եւ Ազերպայճան գտնուող իր զինուորները։
Այս լրատւութեան մէջ ծիծաղելին այն է, որ հակառակ տարիներէ ի վեր յատկապէս հայկական կողմին յառաջ քշած պնդումներուն, թէ Իսրայէլ Ազերպայճանի մէջ ռազմական խարիսխներ հաստատած է, թէ 3.000 զինուորի հասնող ուժեր ունի հոն, իսրայէլական բանակը այս անգամ եւս փորձած է քօղարկել ճշմարտութիւնը, քանի որ կ՚ըսուի, թէ Ազերպայճանէն եւ Վրաստանէն ետ կանչուող զինուորները այդ երկիրները «գացած են կամ արձակուրդի, կամ ալ հարազատներ տեսնելու»։ Հետեւաբար, պէտք է ենթադրել, որ Իրան ուրիշ գործ-բան չունի եւ իր «գերարդիական» զինուորական միջոցներով կրնայ ԱՆՀԱՏԱՊԷՍ թիրախաւորել իսրայէլացի զինուորները, մէկը իր ազգականին տան մէջ, միւսը՝ արձակուրդի վայրը…
Մինչ Ազերպայճան ու Վրաստան զբօսաշրջական «առիքնող ուղղութիւններ» կը թուին ըլլալ իսրայէլացի զինուորներու համար, նա՛եւ՝ երկիրներ ուր «մեծ թիւով» հարազատներ ունին անոնք եւ Իսրայէլ չի վարանիր այսպէս «թեւաւոր սուտ» մը հրապարակելու, ինչպիսի՞ յայտարարութիւն կարելի էր ակնկալել Ազերպայճանէն։ Պաքու, բնականաբար, յայտարարած է, թէ իր հողերուն վրայ «ո՛չ մէկ օտար երկրի ո՛չ մէկ զօրախումբ» կը գտնուի։ Ու աւելի հեռու երթալով՝ դատապարտած ալ է այս մասին «անհիմն տեղեկութիւններ» տարածողները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։