Search
Close this search box.

ԻՍՐԱՅԷԼ-ԹՈՒՐՔԻԱ – Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար. «Քանի տակաւին Թուրքիոյ մէջ իշխանութեան ղեկին Էրտողանն է, մեր դեսպանը Անգարա պիտի չվերադառնայ»

 

Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհեն X-ի իր էջին գրած է, որ Իսրայէլի դեսպանը Թուրքիա պիտի չվերադառնայ, քանի տակաւին այդ երկրին իշխանութեան ղեկին կը գտնուի Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը:

Ինչպէս գրառման կից տեսանիւթին մէջ բացատրած է Քոհեն, Իսրայէլի դեսպանը տուն կանչելը «ճիշդ» եւ «արդարացուած» որոշում էր:

Դեկտեմբեր 27-ին, Էրտողան Անգարայէն արտասանած խօսքին մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն բաղդատած էր նացիական Գերմանիոյ ղեկավար Ատոլֆ Հիթլերի հետ:

«Նեթանիահուի արարքները կը տարբերի՞ն Հիթլերի արարքներէն: Այդ առումով, ան աւելի հարուստ է, քան Հիթլերը: Իսրայէլ աջակցութիւն կը ստանայ Արեւմուտքէն, ամէն տեսակի աջակցութիւն կու գայ Ամերիկայէն»,– ըսած էր Էրտողան:

Նեթանիահու հակադարձած էր, որ Էրտողան «վերջինն է, որ կրնայ բարոյական խրատ տալ մեզի»` Թուրքիոյ մէջ Քիւրտերու ցեղային զտումներուն եւ լրագրողներու հետապնդումներուն լոյսին տակ, առանց ոչ մէկ ակնարկ կատարելու Հայոց ցեղասպանութեան ու անոր ժխտումին։ Բնականաբար, ոչ ալ խօսած է Թուրքիոյ՝ ազերպայճանական բարբարոսութիւններուն բերած նեցուկին, քանի որ հոդ կը միանան երկու երկիրներու՝ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի շահերը։