Search
Close this search box.

Իսրայէլ կրկին կը հարուածէ Լիբանանը

Հարիւրաւոր մեռեալներ, աւելի քան 1500 վիրաւորներ, հազարաւոր տեղահանուածներ

Սեպտեմբեր 23-ին, Իսրայէլի պատերազմական օդանաւերը հարիւրաւոր յարձակումներ գործած են Լիբանանի տարբեր շրջաններու, հարաւային Լիբանանի մէջ բազմաթիւ գիւղերու եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վրայ:

Լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ Իսրայէլի օդային հարուածները պատճառած են 558 մեռեալ, ներառեալ՝ 50 երեխայ եւ 94 կին, վիրաւորներու ոչ-վերջնական թիւը 1645 է։ Հազարաւոր ընտանիքներ ալ տեղահանուած են։

«Ազդակ»-ի խմբագիր Շահան Գանտահարեան «Արմէնփրէս»-ին տուած հարցազրոյցին յայտնած է, թէ Լիբանանի հայկական համայնքը կը գտնուի ռազմական գործողութիւններու տարածքներէն հեռու, թէեւ հայ գործարարները Լիբանանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն հետ գործարար կապեր ունին եւ աշխատանքի բերումով կ՚այցելեն երկրի տարբեր վայրերը։

Գանտահարեան հաւաստած է, որ հայկական համայնքին մէջ խուճապ չկայ, պարզապէս ինչպէս բոլորը, այնպէս ալ մեր հայրենակիցները մտահոգ են, որ ռազմական գործողութիւնները կրնան տարածուիլ եւ ընդգրկել աւելի մեծ շրջաններ՝ ա՛լ աւելի խորացնելով արդէն առկայ տնտեսական եւ ընկերային խնդիրներու առնչուող տագնապը։ “Հայկական համայնքը լիբանանեան հասարակութեան բաղկացուցիչ մասն է, հետեւաբար, անհաղորդ չէ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն”,– նշած է խմբագիրը։