Search
Close this search box.

Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմի յոռի ելքը

Տասնմէկ հազարէ աւելի մեռեալ, որուն հինգ հազարը մանուկներ, երկուքուկէս միլիոն բնակչութեան տեղահանութիւն, բնակարաններու ռմբակոծում, շէնքերու քանդում։ Ջուր, ելեկտրականութիւն, կազ եւ բոլոր տարրական կարիքներու մատակարարումի կասեցում. … հիւանդանոցներու գործունէութեան դադարում…։ Հոկտեմբեր 7-ին, Իսրայէլի վրայ «Համաս»-ի յարձակումին իսրայէլեան հակազդեցութիւնը անցած է վերջինս պատժելու սահմանները, եւ թիրախ կ՚առնէ պաղեստինցի ժողովուրդը, որ անտանելի, անմարդկային ռմբակոծումի կ՚ենթարկուի։ Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմը ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ հրեաներու, քրիստոնեաներու եւ իսլամներու միջհամայնքային, ինչպէս նաեւ միջպետական յարաբերութիւններուն վրայ։

Իբր Հայ, 2020-էն ի վեր դժբախտութիւնը ունեցանք Հայաստան-Արցախ-Ազերպայճան պատերազմին ահաւոր դէպքերը ապրելու։ Հայաստանն ու Արցախը միայնակ, անպաշտպան մնացին այդ պատերազմին՝ ընդդէմ թուրքեւազերի դաշնակից բանակին, առանց հաշուելու Իսրայէլի, Ռուսաստանի՝ թիկունքէն տրամադրած օգնութիւնը Ազերիներուն։ Ականատես եղանք մարդկութեան դէմ ոճիրներու, ռազմական ոճիրներու, ցեղային մաքրագործումի, միայն դատապարտելով գոհացող, կրաւորական միջազգային հասարակութեան մը աչքին առջեւ։

Սակայն, Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմի մասշտաբները նոյնը չեն։ Իսրայէլ հզօր պետութիւն է, ուր կ՚ապրին շուրջ 7 միլիոն իսրայէլացի-հրեաներ, իսկ աշխարհի վրայ հրեաներուն թիւը կը տատանի 35-40 միլիոնի շուրջ։ Իսրայէլ կը վայելէ անսակարկ զօրակցութիւնը Եւրոպայի եւ յատկապէս ԱՄՆ-ու, որու 51-րդ նահանգը կարելի է համարել զայն։ Իսկ Պաղեստինը կը վայելէ կէս միլիառ արաբներու եւ մէկ ու կէս միլիառ իսլամներու զօրակցութիւնը։ Իսրայէլի անհամաչափ հակազդեցութիւնը «Համաս»-ի Հոկտեմբեր 7-ի յարձակումին, շատ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ միջազգային մակարդակի վրայ։ Իսլամներու եւ արաբներու Հակաիսրայէլեան տրամադրութիւնները եւ Արեւմուտքի անսակարկ զօրակցութիւնը, երկու չափ-երկու կշիռի վերաբերումը հակաարեւմտեան, հակաեւրոպական, հակաամերիկեան, հակաքրիստոնէական ոխի ու վրէժխնդրութեան դիրքորոշումի ծնունդ տալու վրայ են։ 

Այս վտանգը ուշացումով զգալու սկսան եւրոպացի կարգ մը ղեկավարներ, ինչպէս նախագահ Մաքրոն, որ առաջին շրջանին Իսրայէլի զօրավիգ կանգնելէ ետք, ներկայիս հրադադար կը պահանջէ, առանց ուղղակի դատապարտելու իսրայէլեան յարձակումները. BBC-ին տուած հարցազրոյցին մէջ կ՚ըսէ. «Գործնապէս, այսօր խաղաղ բնակիչներ կը ռմբակոծուին։ Նորածիններ, կիներ, տարեցներ են որոնք կը ռմբակոծուին ու կը սպանուին», եւ աւելի անդին կը շեշտէ՝ «Ոչ մէկ արդարացում՝ այս իրավիճակին։ Ուստի Իսրայէլին կոչ կ՚ուղղենք կանգ առնելու»։

Արեւմտեան պետական ղեկավարներու անհեռատես դիրքորոշումին դիմաց, բարեբախտաբար պաղեստինցի ժողովուրդին կը զօրակցին նաեւ հրեայ եւ քրիստոնիայ համայնքներ եւ մտաւորականներ։ Պաղեստինցի ժողովուրդին կրած տառապանքը ընկերային ցանցերու միջոցով ուղղակի տարածում կը գտնէ, որ կու գայ Իսրայէլի եւ հրեայ քարոզչական մեքենային հակազդելու։ 

Պէտք է նշել նաեւ կարգ մը յանդուգն հրեայ մտաւորականներու յայտարարութիւնները, որոնք խստագոյն կերպով կը դատապարտեն վարչապետ Նեթանիահուի ցեղապաշտ քաղաքականութիւնը, զայն որակելով ֆաշական եւ զինք ալ կը դիտարկեն իբրեւ Իսրայէլի մեծագոյն թշնամին։

Բնականաբար հայութիւնը զերծ պիտի չմնայ այս հակամարտութեան հետեւանքներէն։ Հայերու մէջ կայ զանգուած մը որ նախանձելի աչքով կը դիտէ Իսրայէլի ձեռքբերումները, պետականութեան ստեղծումը, զանոնք դատելով իբրեւ ընդօրինակելի գործընթացներ։

Անկախութենէն ասդին, Հայաստան-Իսրայէլ 32-ամեայ յարաբերութիւնները բնաւ հարթ ու բարեկամական չեն եղած։ Իսրայէլ բնաւ չէ հետաքրքրուած Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւն մշակելով։ Հայաստանէն տնտեսական շահեր չունի, ոչ ալ ռազմական։ Ընդհակառակն, Հայաստանի թշնամի Ազերպայճանը դարձուցած է իր իսկական ռազմավարական գործընկերը։

Որքան որ Իսրայէլի համար Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները դատապարտելի են ու անընդունելի, նոյնքան ալ Հայաստանի համար Իսրայէլի կողմէ Ազերպայճանին զինամթերքի մատակարարումը դատապարտելի է ու թշնամական քայլ իր հանդէպ։

Իսկ Իսրայէլի հայութիւնը, յա՛տկապէս սաղիմահայութիւնը, տարուէ-տարի կ՚ենթարկուին հայատեաց դիրքորոշումներու ծայրայեղ կրօնամոլ հրեաներու կողմէ։

Ժ.Չ. ■