Search
Close this search box.

ԻՏԱԼԻԱ – «Ամերիկացի» ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը՝ Հռոմի մէջ

Հռոմի «Cinema delle Provincie» շար­ժանկա­րի սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է «Ամե­րիկա­ցի» ժա­պաւէ­նի անդրա­նիկ ցու­ցադրու­թիւնը, ներ­կա­յու­թեամբ՝ բե­մադիր եւ գլխա­ւոր դե­րակա­տար Մի­քայէլ Գուրջեանի, որ այս առի­թով յատ­կա­պէս Իտա­լիա ժա­մանած է։

Ող­ջոյնի խօս­քով հան­դէս եկած են Իտա­լիոյ մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Վլա­դիմիր Կա­րապե­տեան, «Cineclub international» ըն­կե­րու­թեան նախագահ Փաօլօ Մի­նու­թօ:

Ցու­ցադրու­թեան աւար­տին, բե­մադի­րը պա­տաս­խա­նած է հայ եւ իտա­լացի հան­դի­սատե­սի հար­ցումնե­րուն: 

Նշենք, թէ Հռո­մէն ետք սոյն ժա­պաւէ­նը կը ցու­ցադրուէր նաեւ Պո­լոնիա, Փա­տովա Մի­լանօ, Ֆլո­րեն­ցիա եւ Ճե­նովա, ուր կան հայ­կա­կան փոքր հա­մայնքներ։

2022-ին ար­տադրուած «Ամե­րիկա­ցի» ժա­պաւէ­նը կը պատ­մէ Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն հրաշ­քով վե­րապ­րած եւ Միացեալ Նա­հանգներ գաղ­թած հայ երի­տասարդ Չառ­լիի մա­սին, որուն ըն­տա­նիքը այդ ոճ­րա­գոր­ծութեան զոհ գա­ցած է: Պատ­մութիւ­նը կը սկսի 1947-ին, երբ Չառ­լի, ի շարս այլ հայ­րե­նադարձնե­րու կը վե­րադառ­նայ Հա­յաս­տան եւ կը բա­խի Խորհրդա­յին Միու­թեան հա­մայ­նա­վար վար­չա­կար­գի դա­ժան իրա­կանու­թեան…: