Ապրիլ 11-13, Իտալիոյ Ֆրանչիագորթա շրջանին մէջ Գինեգործութեան միջազգային կազմակերպութեան 100-ամեակին նուիրուած նախարարական հանդիպումին մասնակցած է Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամի տնօրէն Զարուհի Մուրադեան։
Իտալիոյ Գիւղատնտեսութեան, պարէնային ինքնիշխանութեան եւ անտառային տնտեսութեան նախարարութեան համագործակցութեամբ կազմակերպուած հանդիպումին մասնակցած են կազմակերպութեան անդամ 30 երկիրներու ներկայացուցիչներ։
Տիկին Մուրադեան իր ելոյթին ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ գինեգործութեան շատ հին ժամանակներ երկարող պատմութիւնը, արդի շրջանին այդ բնագաւառի աշխուժ զարգացումը, վերջին տարիներուն գինեգործութեամբ զբաղող ընկերութիւններու աննախադէպ աճը, միջազգային շուկայի մէջ հայկական գինիի նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւնը։
Հայաստանի ներկայացուցիչը՝ Կազմակերպութեան անդամ այլ երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ այցելած է Ֆրանչիագորթայի շրջանի գինեգործական ընկերութիւններու (Berlucchi, Ca’ del Bosco, Bellavista) կեդրոններ եւ ծանօթացած անոնց ստեղծման պատմութեան, իտալական գինեգործութեան աւանդութիւններուն, արհեստագիտութեանց եւ նորարարութիւններուն։
Նշենք, թէ Ապրիլ 14-17, Իտալիոյ Վերոնա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Vinitaly գինիի փառատօնին կը ներկայացուին հայկական եօթը ընկերութիւններու արտադրութիւններ։
Փառատօնի նախօրեակին Զարուհի Մուրադեան մասնակցած է տաղաւարներու ներկայացման արարողութեան։ Ան նոյն օրը ներկայ գտնուած է Վերոնայի Opera Wine փառատօնի բացման արարողութեան, ուր ներկայացուած են իտալական լաւագոյն գինիները։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։