Search
Close this search box.

ԻՏԱԼԻԱ – Հայաստանի դեսպանին շնորհուած է «Premio Gazzetta Diplomatica»-ի «Արժանիքի հաւաստագիր»-ը 

Հոկտեմբեր 9-ին, Իտալիոյ Ծերակոյտին մէջ տեղի ունեցած է «Premio Gazzetta Diplomatica»-ի տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը, որու ծիրէն ներս Հայաստանի դեսպան Ծովինար Համբարձումեանին շնորհուած է «Արժանիքի հաւաստագիր»՝ Իտալիոյ հետ երկկողմ յարաբերութիւններու մէջ ունեցած կարեւոր ներդրումին համար, ուր ան դրսեւորած է դիւանագիտական, մասնագիտական եւ հաւասարակշռութեան արտակարգ ունակութիւն՝ շատ բարդ ժամանակահատուածի մէջ։

Շնորհակալութեամբ ընդունելով իրեն շնորհուած պարգեւը, դեսպանը հակիրճ ներկայացուցած է Իտալիոյ մէջ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին կատարած աշխատանքը՝ ընդգծելով այդ տարիներու բարդ աշխարհաքաղաքական իրադրութիւնը աշխարհի եւ յատկապէս՝ Հայաստանի համար, որ համաճարակէն բացի ստիպուած եղած է դիմակայելու 2020-ի 44-օրեայ պատերազմը եւ անոր աղէտալի հետեւանքները։

Տիկին Համբարձումեան իր ելոյթին անդրադարձած է նաեւ Ազերպայճանի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայ գերիներու, ներառեալ՝ Արցախի քաղաքական ղեկավարութեան հարցին՝ ընդգծելով, թէ միջազգային հանրութեան կողմէ Արցախի նկատմամբ ռազմական յարձակման ոչ-պատշաճ դատապարտումն ու քաղաքական եւ տնտեսական նպատակներով երկակի չափանիշերու կիրարկումը յանգեցուց նորանոր պատերազմներու եւ բռնութիւններու։

Դեսպանը հաւաստած է, որ Հայաստան ինչպէս միշտ յանձնառու է առաջ մղելու ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան, խաղաղութեան ու երկխօսութեան օրակարգը, որու լաւագոյն վկայութիւնն է նաեւ նշեալ կարեւոր պարգեւը եւ որու նշանակութիւնը կը գերազանցէ անձնական արժանիքներու շրջանակը։

Դեսպան Համբարձումեանի գործունէութեան մասին հնչած են բազմաթիւ ջերմ ու քաջալերող խօսքեր «Gazzetta Diplomatica»-ի տնօրէն Մարքօ Ֆինելլիի, ծերակուտականներ Անտրէա Տի Փրիամոյի, Ռոպերթօ Մենիայի, Իվան Սքալֆարոթթոյի, դեսպան Պրիւնօ Սքափինիի կողմէ։

Մրցանակաբաշխութեան՝ ելոյթներով հանդէս եկած են նաեւ Իտալիոյ դեսպան Սթեֆանօ Պենացցօ, երեսփոխան Ռոպերթօ Թրավերսի, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ ականաւոր դեսպան Ճովանի Իանուծծիի (մրցանակը նուիրուած է անոր յիշատակին) դուստր Ռենաթա Իանուծծի։