Search
Close this search box.

ԻՏԱԼԻԱ – Մեծարանքի երեկոյթ՝ նուիրուած նկարիչ եւ քանդակագործ Երուանդ Քոչարի ծննդեան 125-ամեակին

Հոկտեմբեր 1-ին, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հովանաւորութեամբ եւ «Երեւանի Քոչար» մշակութային հիմնադրամի ու Հռոմի «Assoarmeni» ընկերակցութեան համագործակցութեամբ, մայրաքաղաքի Saint Louis ֆրանսական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է մեծարանքի երեկոյթ՝ նուիրուած նկարիչ եւ քանդակագործ Երուանդ Քոչարի ծննդեան 125-ամեակին:

Ցուցադրուած են «Երուանդ Քոչարի տարածական նկարչութիւնը» խորագրեալ վաւերագրական ժապաւէնը եւ արուեստագէտի որդի՝ Ռուբէն Քոչարի բեմադրութեամբ նկարահանուած «Cagliostro» ֆիլմը:

Ձեռնարկին ներկայ եղած են հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, Հռոմի բնակիչներ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են «Assoarmeni »-ի նախագահ Անուշ Թորունեան եւ դեսպանութեան խորհրդական Մարիետա Ստեփանեան:

Ֆիլմերը ներկայացուցած է արուեստի քննադատ, պատմաբան փրոֆ. Ֆրանչեսքօ Կալլօ Մացցէօ: