Մայիս 9-ին, Իտալիոյ Գոզենցա քաղաքի Գափելլօ պատմական հրապարակին վրայ տեղադրուած է քաղաքապետարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշատախտակը։ Արարողութեան ներկայ եղած եւ ելոյթներ ունեցած են Հայաստանի դեսպան Ծովինար Համբարձումեան, քաղաքապետ Ֆրանց Գառուզօ, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Թեհմինա Արշակեան։
Տիկին Համբարձումեան ընդգծած է յիշողութեան նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը՝ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները կանխելու առումով եւ շնորհակալութիւն յայտնած քաղաքապետին եւ Գոզենցայի համայնքին իրենց աջակցութեան համար։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։