Մարիամ Երեմեանի խմբագրութեամբ եւ թարգմանութեամբ իտալերէն լոյս տեսած է «Վերածնունդ» բանաստեղծական ժողովածուն (158 էջ, 16 եւրօ):
Հատորը կը մէկտեղէ խորհրդային տարիներուն շատ մը հայ մեծերու՝ պարտադրաբար «մոռացութեան» մատնուած գործերէն «101 ծաղիկներու փունջ մը»։
Այդ ծաղկեփունջին մաս կը կազմեն Յովհաննէս Թումանեանի, Վահան Տէրեանի, Ռազմիկ Դաւոյեանի, Պարոյր Սեւակի նման անուններու ստեղծագործութիւններ, նշելու համար հայ բանաստեղծութեան գլխաւոր ներկայացուցիչներիէն մի քանին միայն։
Հարիւրմէկ բանաստեղծութիւններ, որոնք պիտի ընդլայնեն ընթերցողին հորիզոնը եւ կամուրջներ պիտի կառուցեն երեւակայական աշխարհին եւ իրականին միջեւ, սիրոյ, կեանքի, ցանկութեան, պարտութեան, յուսահատութեան, երջանկութեան թաղանթներու ընդմէջէն։
Մարիամ Երեմեանի մշակած այս գիրքին մէջ գրեթէ շօշափելի է օսմանեան ցեղասպանութիւնը եւ խորհրդային սահմանափակումները վերապրած հայկական մշակոյթի արմատացած մելամաղձոտութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։