Վարչապետը վերջին շրջանին երկու կարեւոր յղացքներու հեղինակը դարձաւ՝ «Իրական Հայաստան» եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ». ռազմավարական առումով շատ կարեւոր հայեցակարգեր, որոնք մինչեւ 2020-ի պատերազմը Հայաստանի քաղաքական մտահորիզոնին մէջ այսքան պարզ, բնորոշ ու կուռ սահմանում չէին ստացած։ «Իրական Հայաստան»-ը կը փոխարինէ ձեւով մը Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը։ Իսկ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ը չունէր անցեալին իր ռազմավարական համապատասխան բանաձեւումը։ «Արցախի ինքնորոշում», «Հայաստանի պետականութեան ամրապնդում» եզրերը յաճախ կը յիշուէին իբրեւ երկրի գերագոյն նպատակ։
Տաւոսի տնտեսական միջազգային համաժողովէն ետք, վարչապետ Փաշինեան զուիցերահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում մը ունեցաւ, որուն ընթացքին ներկայացուց «Իրական Հայաստան»-ի հայեցակարգը եւ պատասխանեց Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն առընչուող հարցումներուն։ Հանդիպումը հետաքրքրական էր մի քանի առումով. առաջինը՝ Սփիւռքահայութեան հետ առերեսումի անակնկալ ձեւաչափ մըն էր, շատ առողջ, ուղղակի, անմիջական ու անկաշկանդ։ Երկրորդը՝ առիթ ընձեռեց քննարկելու՝ վարչապետին կողմէ արդէն տարիէ մը ի վեր յաճախ արծարծուող «Իրական Հայաստան»-ի հայեցակարգին վերաբերող ու հայութիւնը յուզող բազմաթիւ խնդրայարոյց հարցեր։ Երրորդը՝ Հայաստանի պետութեան անվտանգութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու մասին խորհրդածելու պատեհ առիթ ստեղծեց, հայութեան պատմութեան անկիւնադարձային ներկայ պահուն. այս հարցերու առնչութեամբ՝ Հայաստանի իշխանութեան ղեկավարին առաջադրանքները պէտք ունին աւելի՛ լայն, եւ ոչ միայն քաղաքական գործիչներու նեղ շրջանակներու արձագանգին, ինչ որ պարագան եղած է մինչեւ այսօր։ Հարկ է այլ առիթներ ստեղծել քննարկելու նաեւ մտաւորականներու, արուեստագէտներու, գիտնականներու, գործարարներու, կրթական գործիչներու, ուսանողութեան շրջանակներու մէջ։
Մեկնելով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայիս դիմագրաւած մարտահրաւէրներէն,– որոնք կը բխին 2020-ի Արցախեան պատերազմի պարտութեան հետեւանքներէն,– «Իրական Հայաստան» յղացքը կը հարցադրէ հայրենիք-պետութիւն, ազգ-ժողովուրդ հասկացութիւնները, որոնցմէ կ՚ածանցուին, Հայաստան-Սփիւռք, Պետութիւն-Եկեղեցի յարաբերութիւնները, Հայկական հարց, Ցեղասպանութիւն, ազգային արժեհամակարգ, ազգային շահ…։
Վարչապետի հիմնական դրոյթը կը մեկնի «հայրենիքը պետութիւնն է» խօսոյթէն։ Առաջադրանքը նոր չէ, կը յիշեցնէ սովետական շրջանի մայր Հայաստան – մայր Հայրենիք յղացքը, այսինքն՝ համայն հայութեան հայրենիքը Հայաստանն է։ Իսկ թէ “«Իրական Հայաստան»-ի դիտանկիւնէն՝ ո՞ւր կը տեղադրուի սփիւռքահայը” հարցումին, վարչապետը անսպասելի պատասխան մը տուաւ, ըսելով որ ըստ Սահմանադրութեան՝ Հայաստանի ժողովուրդն է որ կ՚ընտրէ Հայաստանի իշխանութիւնը, այսինքն այն հայը որ Հայաստանի քաղաքացիութիւն չունի՝ սփիւռքահայ է։ Ասկէ ալ բնականաբար կը յառաջանայ հետեւեալ հարցումը՝ “իսկ երբ սփիւռքահայը Հայաստանի քաղաքացիութիւն ընդունի, պիտի դադրի՞ սփիւռքահայ ըլլալէ, նոյնիսկ եթէ արտասահման ապրի”։ Հարցում, որուն նման բազմաթիւ այլ հարցումներ կը ցցուին, որոնք պարզաբանումի կը կարօտին…
Վարչապետին «Իրական Հայաստան»-ի ընկալումին մէջ ամէնէն հարցականը պետական շահին՝ տնտեսական շահին հետ նոյնականացումն է։ Պետութիւնը կը դիտուի իբրեւ ժողովուրդին տնտեսական շահ ապահովող գործիք։ Իսկ պետութիւնները կը ստեղծեն նաեւ աննիւթական ժառանգութիւն, մտային ու հոգեւոր արժէքներ, որոնք երկրի մը ու ժողովուրդի մը բարօրութեան ու կենսամակարդակի բարձրացման կարեւոր ցուցիչներէն են. ասոր ամէնէն ցայտուն օրինակը Ֆրանսայի ստեղծած Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութիւնն է, որուն անդամ է նաեւ Հայաստան։
Հարցերը բազմատեսակ են, քանի որ ազգային շահն ու պետական շահը կրնան իրարու հակասել շատ մը պարագաներու, ինչպէս օրինակ՝ Թուրքիոյ հետ սահմանի բացման կամ Ցեղասպանութեան ճանաչման ի խնդիր մղուող պայքարի պարագաներուն…։ Դատելով հարցադրումներէն՝ «Իրական Հայաստան»-ը պէտք ունի աւելի ընդգրկուն ու ներառական ըլլալու։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։