Նոյեմբեր 30-ին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկեյ Լաւրովի եւ Իրանի անոր պաշտօնակից Ապպաս Արաղչիի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցին, կողմերը ընդգծած են Սուրիոյ իրավիճակի կայունացման ուղղուած ջանքերու աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը։ Լուրը կը հաղորդէ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
«Զրոյցի ընթացքին կողմերը խոր մտահոգութիւն յայտնեցին Սուրիոյ քաղաքական կացութեան վատթարացման կապակցութեամբ, վերահաստատելով իրենց աջակցութիւնը Սուրիոյ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան»,– յատկապէս ընդգծուած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։