Search
Close this search box.

ԻՐԱՆ – Մասուտ Փեզեշքեան կը հաւաստէ, որ իր երկիրը առաջնահերթութիւնը պիտի տայ իր դրացիներուն հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման

Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան՝  Tehran Times-ի մէջ լոյս տեսած «Իմ ուղերձը նոր աշխարհին» խորագրեալ յօդուածին մէջ կ՚ընդգծէ, որ իր երկիրը առաջնահերթութիւնը պիտի տայ դրացիներու հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման։

Փեզեշքեան կը նշէ, որ Իրան կողմնակից է «ուժեղ տարածաշրջանի» ստեղծման, այլ ոչ թէ այնպիսի տարածաշրջանի, ուր տուեալ երկիր մը կը ձգտի գերիշխել միւսներուն:

Ան համոզուած է, որ դրացի եւ եղբայրական պետութիւնները պէտք չէ, որ վատնեն իրենց թանկարժէք հնարաւորութիւնները կործանարար մրցակցութեան, սպառազինութիւններու մրցավազքի եւ մէկզմէկու անտեղի զսպման մէջ։ Ան կ՚ընդգծէ, որ Իրան ատոնց փոխարէն կը ձգտի ստեղծել այնպիսի միջավայր մը, ուր այդ նոյն հնարաւորութիւնները պիտի ուղղուին տարածաշրջանի զարգացման ու յառաջընթացին՝ ի շահ բոլորին:

«Մենք անհամբեր կը սպասենք Թուրքիոյ, Սաուտական Արաբիոյ, Օմանի, Իրաքի, Պահրէյնի, Քաթարի, Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններուն հետ՝ մեր կապերը խորացնելու եւ ընդհանուր մարտահրաւէրներուն դիմադրելու համար»,– կ՚ըսէ յօդուածին մէջ Իրանի նախագահը` աւելցնելով, որ իր վարչակազմը պիտի խրախուսէ դրացի արաբական երկիրները համագործակցելու եւ դիւանագիտական ու քաղաքական բոլոր ​​լծակները գործածելու՝ Կազայի հատուածին մէջ մնայուն ​​հրադադարի մը համար՝ որպէսզի վերջ տրուի կոտորածներուն եւ կանխուի հակամարտութեան տարածումը: Յօդուածին մէջ Փեզեշքեան կը քննարկէ նաեւ ռուս-ուքրաինական հակամարտութիւնը եւ կը նշէ, որ Թեհրան կը ձգտի խաղաղութիւն հաստատել ռուս եւ ուքրաինացի ժողովուրդներուն միջեւ եւ թէ Իրան պիտի աջակցի այդ ուղղութեամբ նախաձեռնութիւններուն:

«Չինաստան ու Ռուսաստան մեզի աջակցեցան մեր դժուարին պահերուն եւ մենք խորապէս կը գնահատենք այս բարեկամութիւնը։ Ռուսաստան Իրանի թանկագին ռազմավարական դաշնակիցն է ու դրացին եւ իմ վարչակազմը պիտի շարունակէ ընդլայնել եւ ամրապնդել մեր համագործակցութիւնը»,– կը գրէ Իրանի նախագահը։

Տարածաշրջանի վերաբերեալ Փեզեշքեան կը նշէ, որ ան երկար ժամանակ տուժեց պատերազմներէ, մոլեռանդական հակամարտութիւններէ, ահաբեկչութենէ, ծայրայեղականութենէ, թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութենէ, ջուրի պակասէ, գաղթականներու ճգնաժամերէ, շրջակայ միջավայրի վատթարացումէ եւ արտաքին միջամտութիւններէ:

«Հասած է ժամանակը լուծելու այս ընդհանուր խնդիրները՝ ի շահ ապագայ սերունդներու. համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ մեր արտաքին քաղաքականութիւնը առաջնորդող սկզբունքը»,– իր ուղերձին մէջ կ՚ընդգծէ Իրանի նախագահը`  սակայն առանց յիշատակելու  ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ ալ Ազերպայճանի անունը: