Հայաստանի Ազգային գրադարանի Դիմագիրքի էջէն կը տեղեկանանք, թէ իրանահայ Էդուարդ Յարութիւնեան շուրջ երկու տասնեակ բացառիկ ամսագրեր նուիրած է գրադարանին։
«Գրադարանի մամլոյ շտեմարանը մասնաւորապէս հարստացաւ 1910-1917 թուականներուն Պաքուի մէջ լոյս տեսած “Թատրոն եւ երաժշտութիւն” թատերական-երաժշտական պատկերազարդ երկամսեայ հանդէսի օրինակներով։ Այդ հանդէսին աշխատակցած են Կոմիտաս, Գէորգ Չմշկեան, Գէորգ Բաշինջաղեան, Ալէն Մանուկեան, Անուշաւան Տէր-Ղեւոնդեան եւ այլ ականաւոր դէմքեր»,– նշուած է Գրադարանի՝ Դիմագիրքի էջին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։