Իրանի մէջ տեղադրած են գովազդային վահանակներ, ուր ներկայացուած է Քրիստոսի Վերջին ընթրիքը: Ըստ իրանական աղբիւրներու, այդ քայլին դիմած են երկրի քրիստոնէութեան զօրակցութեան նպատակով՝ ի պատասխան «Ողիմպիական խաղերու սատանայապաշտներուն»:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահն ալ,– թէպէտ բանաւոր,– նման հակազդեցութիւն մը ունեցած էր՝ Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան ընթացքին Վերջին ընթրիքի տեսարանի աղճատման առնչութեամբ եւ Հռոմի պապին կոչ ըրեր էր բողոքի ձայն բարձրացնելու։
Ափսո՜ս, որ ափսէի վրայ նման առիթ հրամցուեցաւ Թուրքիոյ եւ Իրանի, որոնք բնականաբար չմսխեցին զայն՝ ամբողջ Արեւմուտքը «սատանայացնելու» եւ իրենք զիրենք ներկայացնելու «համընդհանուր հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու իսկական պաշտպաններ»։
Արդարեւ, զարմանալի հակազդեցութիւն այս երկու երկիրներէն, ուր քրիստոնէական համայնքները արեւուն տակ՝ ձիւնի նման հալած են. մինչ 1979-ին Իրանի մէջ կար 350.000 հայ, այսօր՝ անոնց թիւը հազիւ կը հասնի 50.000-ի: Իսկ տարածաշրջանի ամենամեծ ցեղասպան պետութեան՝ Թուրքիոյ մէջ մինչ 1914-ին քրիստոնեաներու տոկոսը կը կազմէր ընդհանուր բնակչութեան 25%-ը, այսօր այդ համեմատութիւնը հազիւ 0,5%-ի շեմին կը հասնի: Եւ եթէ առաջինը կը պահպանէ եւ կը վերականգնէ քրիստոնէական ժառանգութիւնը միջազգային քաղաքականութեան եւ զուտ դաւանական պատճառներով՝ զբօսաշրջութեան եկամուտներու նկատառումով, թուրքերը անամօթաբար կ՚իսլամացնեն քրիստոնէական՝ հայկական եւ յունական ժառանգութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։