Հոկտեմբեր 9-ին, Իրանի խորհրդարանի Ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովի փոխնախագահ Շահրիար Հեյտարի՝ երիտասարդ լրագրողներու ակումբի թղթակցին հետ զրոյցին յայտարարած է, թէ «Ղարաբաղը աւանդաբար պատկանած է Հայաստանին»
khabarban.com կայքին տուեալներով, ան ըսած է.
“Ներկայիս Ղարաբաղը Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութեան տարածք մըն է: Ազերպայճանի Հանրապետութիւնը, օգտագործելով արտատարածաշրջանային երկիրներու եւ սիոնական վարչակազմի (Իսրայէլ) կարողութիւնները, ձեռք բերած է ռազմական գերակայութիւն Հայաստանի նկատմամբ։ Եւ եթէ մարդիկ Ազերպայճանի բանակի յարձակման հետեւանքով փախած են Հայաստան, չի նշանակեր, որ Ղարաբաղի Հայերը կորսնցուցած են իրենց ինքնութիւնը…”:
Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարը ընդգծած է, որ արտատարածաշրջանային երկիրները կը ձգտին շահագործելու Կովկասի կարողութիւնները, նոր միջանցքները, եւ օգտագործելու Ազերպայճանի տարածքը՝ աշխարհաքաղաքական առումով Եւրոպային միացնելու համար։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։