Սեպտեմբեր 20-ին, հայ գերիներու շահերու պաշտպան-ներկայացուցիչ Սիրանոյշ Սահակեան «Ազատութիւն» լրասփիւռին հետ հարցազրոյցին յայտնած է, թէ վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութիւնը կրնայ Պաքուի համար լաւ առիթ հանդիսանալ՝ նոր մեղադրանք առաջադրելու Ռուբէն Վարդանեանին։
Հարցումին՝ թէ Ազերպայճանի իշխանութիւնները ի՞նչ նոր մեղադրանք կրնան ներկայացնել, իրաւապաշտպանը նշած է, որ կարելի չէ կանխատեսումներ ընել, քանի որ նոյնիսկ ա՛յն «յանցագործութիւնները», որոնք այս պահուն կը վերագրուին Վարդանեանին, փաստական հիմքեր չունին, սակայն նման յայտարարութիւնները կրնան օգտագործուիլ ընդհանրապէս գերիներու վերադարձը անտեղի ձգձգելու կամ ուղղակի անհնարին դարձնելու նպատակով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։