Կիրակի, Հոկտեմբեր 13-ին, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին եւ Տհօքի Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 16-ամեակի զոյգ առիթներով Իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական եպիսկոպոս Կիւլկիւլեան պատարագ մատուցած է Տհօքի յիշեալ եկեղեցւոյ մէջ։
Պատարագի աւարտին գրական գեղարուեստական բաժինով նախ ներկայացուած է եկեղեցւոյ պատմականն ու գործունէութիւնը՝ հիմնադրութենէն ցայսօր, ապա ելոյթ ունեցած են եկեղեցւոյ դպրաց դասն ու կիրակնօրեայի փոքրիկները։
Այս հանդիսութեանց ներկայ եղած են` Տհօքի, Էրպիլի եւ Զախոյի Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները, Տհօքի Քաղդէացիներու, Նեստորականներու եւ Ասորեստանի հին Արեւելեան եկեղեցւոյ առաջնորդները, Գաբնի կազմակերպութեան պատասխանատու աւագ երէցը, Քրտական մարզի մէջ Հայաստանի հիւպատոսը, Հիւսիսային շրջանի (Զախօ, Էրպիլ, Աւզրուկ, Հաւրէզք) Թաղական խորհուրդներու ատենապետերն ու անդամները, ինչպէս նաեւ այլ հիւրեր եւ հաւատացեալներ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։