Search
Close this search box.

ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Նախագահ Խաչատուրեանի հանդիպումը իրաքահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ

Իրաք կատարած իր պաշտօնական այցելութեան առաջին օրը՝ Փետրուար 26-ին, Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեան իր կեցութեան հիւրասրահին մէջ ընդունած է Իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական եպիսկոպոս Կիւլկիւլեանը, հոգեւորականաց դասը, Իրաքահայ թեմի ազգային իշխանութիւնը, Առաջնորդարանին առընթեր գործող յանձնախումբերու  եւ հայ միութենական  հաստատութիւններու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի քահանայ հայրն ու ներկայացուցիչները:

Իր ողջոյնի խօսքէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան հայրը համառօտ  կերպով ներկայացուցած է iրաքահայ համայնքի պատմութիւնը, նաեւ գաղութի զաւակներուն անունով խորազգած երախատագիտութիւն յայտնած է նախագահին՝ Իրաք պատմական այցելութեան համար, ապա իբրեւ յուշանուէր, Իրաքի մշակոյթը խորհրդանշող արմաւենիի արձանիկ մը յանձնած է անոր: 

Իր կարգին, նախագահ Խաչատուրեան նախ շնորհակալութիւն յայտնած է Սրբազան հօր եւ իրաքահայ համայնքին, այնուհետեւ անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տիրող կացութեան, բացատրութիւններ տուած է ներկաները յուզող հարցերուն շուրջ։

Լուսանկարները` Րաֆֆի Լուսեանի