Search
Close this search box.

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչը իր հաւատարմագրերը յանձնած է Ընդհանուր տնօրէնին

Արամ Յա­­կոբեան եւ Օտ­­րէ Ազու­­լէ

 

ԻՒՆԷՍ­ՔՕ-ի մէջ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան մնա­­յուն ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Արամ Յա­­կոբեան Յու­­լիս 10-ին իր հա­­ւատար­­մագրե­­րը յանձնած է Կազ­­մա­­­կեր­­պութեան Ընդհա­­նուր տնօ­­րէն Օտ­­րէ Ազու­­լէին։

Արա­­րողու­­թեան յա­­ջոր­­դած գլուխ-գլխի զրոյ­­ցի ըն­­թացքին կող­­մե­­­րը քննար­­կած են ԻՒ­­ՆԷՍՔՕ-ի եւ Հա­­յաս­­տա­­­նի մի­­ջեւ հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան զար­­գացման հե­­ռան­­կարնե­­րը, ինչպէս նաեւ կազ­­մա­­­կեր­­պութեան առաջ­­նա­­­հեր­­թութիւննե­­րուն վե­­րաբե­­րող շարք մը հար­­ցեր։ Հա­­յաս­­տա­­­նի ներ­­կա­­­յացու­­ցի­­­չը վե­­րահաս­­տա­­­տած է ԻՒ­­ՆԷՍՔՕ-ի գոր­­ծա­­­դիր խոր­­հուրդին ան­­դա­­­մակ­­ցութեան շրջա­­նակին մէջ Հա­­յաս­­տա­­­նի ստանձնած պար­­տա­­­ւորու­­թիւննե­­րու գոր­­ծադրման եւ Կազ­­մա­­­կեր­­պութեան ծրագ­­րի առաջ­­նա­­­հեր­­թութիւննե­­րու իրա­­գործման հա­­մար շա­­րու­­նա­­­կական ջանք գոր­­ծադրե­­լու պատ­­րաստա­­կամու­­թիւնը։

Անդրա­­դառ­­նա­­­լով մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան պահ­­պա­­­նու­­թեան ոլոր­­տին մէջ ԻՒ­­ՆԷՍՔՕ-ի իրա­­գոր­­ծած նա­­խաձեռ­­նութիւննե­­րուն, Արամ Յա­­կոբեան Օտ­­րէ Ազու­­լէի ու­­շադրու­­թիւնը հրա­­ւիրած է Ար­­ցա­­­խի պատ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան սպառ­­նա­­­ցող վտանգնե­­րուն վրայ եւ ընդգծած այդ առնչու­­թեամբ ԻՒ­­ՆԷՍՔՕ-ի նա­­խատե­­սած քայ­­լե­­­րու հրա­­տապ բնոյ­­թը։ 

ԻՒ­­ՆԷՍՔՕ-ի Ընդհա­­նուր տնօ­­րէն Օտ­­րէ Ազու­­լէ ալ իր կար­­գին շնոր­­հա­­­ւորած է նո­­րան­­շա­­­նակ դես­­պա­­­նը պաշ­­տօ­­­նը ստանձնե­­լուն առ­­թիւ եւ մաղ­­թած յա­­ջողու­­թիւն իր առա­­քելու­­թեան մէջ։ ■