Search
Close this search box.

ԼԱ ՀԷՅ – Եղիշէ Կիրակոսեան. «Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ հաւասարութեան նշաններ դնելու ազերպայճանական փորձերը լկտի եւ անպարկեշտ են»

Միջազ­գա­յին իրա­ւական հար­ցե­րու Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յացու­ցիչ Եղի­շէ Կի­րակո­սեան լկտի եւ ան­պարկեշտ որա­կած է ազեր­պայճա­նական կող­մի քայ­լե­րը, երբ այդ եր­կի­րը կը փոր­ձէ Ար­դա­րադա­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին ատեանին մէջ «Հա­յաս­տան՝ ընդդէմ Ազեր­պայճա­նի» գոր­ծով ունկնդրու­թիւննե­րու ըն­թացքին հա­ւասա­րու­թեան նշան դնել Հա­յաս­տա­նի ու Ազեր­պայճա­նի միջեւ։

Ապ­րիլ 16-ին ու­նե­ցած իր ելոյ­թին, Կի­րակո­սեան յի­շեցու­ցած է, որ 2021 Սեպ­տեմբեր 16-ին Հա­յաս­տան դատի դիմած է Ազեր­պայճա­նի դէմ, քա­նի որ այդ պե­տու­թեան կող­մէ ցե­ղային խտրա­կանու­թեան աղա­ղակող քա­ղաքա­կանու­թիւն կ՚իրա­կանա­ցուէր ազ­գութեամբ հա­յերու նկատ­մամբ։

“Ազեր­պայճա­նի երե­խանե­րուն դպրո­ցական դա­սագիր­քե­րուն մէջ կը սոր­վեցնեն ատել եւ սպա­նել հա­յերը։ Պե­տական լրաս­փիւռնե­րը ատե­լու­թեան խօսք կը տա­րածեն, պե­տական պաշ­տօ­նեանե­րը կոչ կ՚ընեն բնաջնջե­լու հա­յերը։ Սա պե­տու­թեան կող­մէ ար­տօ­նուած հա­մատա­րած ցե­ղապաշ­տութիւն է”,– ընդգծած է Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յացու­ցի­չը։

Ան աւել­ցուցած է, որ ցե­ղային խտրա­կանու­թեան եր­կա­րաժամ­կէտ պե­տական քա­ղաքա­կանու­թիւնը իր գա­գաթ­նա­կէտին հա­սաւ, երբ Ազեր­պայճան պա­տերազմ սան­ձա­զեր­ծեց Ար­ցա­խի բնիկ հա­յերուն դէմ, նպա­տակ ու­նե­նալով զանոնք վե­րաց­նել եւ վտա­րել իրենց հայ­րե­նիքէն։

“44 օր շա­րու­նակ ազեր­պայճան­ցի զի­նուոր­նե­րը կը սպա­նէին, կը խոշ­տանգէին հա­յերը եւ հպար­տօ­րէն կը նկա­րուէին իրենց զո­հերուն առ­ջեւ…”,– Ատեանին յի­շեցու­ցած է Կի­րակո­սեան՝ աւելցնե­լով, որ այս բռնու­թիւնը եւ ահա­բեկու­մը Ազեր­պայճա­ն օգ­տա­գոր­ծեց Ար­ցա­խի հա­յերը ցե­ղային զտման են­թարկե­լու եւ նուազա­գոյ­նը 30 հա­զար հա­յեր իրենց հայ­րե­նիքէն վտա­րելու հա­մար։

Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յացու­ցի­չը ընդգծած է. “Նոյ­նիսկ Ար­դա­րադա­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին ատեանը չկրցաւ կան­խել Ազեր­պայճա­նի ցե­ղապաշտ քա­րոզար­շա­ւը, որու ծի­րին մէջ ցե­ղային զտում գոր­ծադրուեցաւ”։

Եղի­շէ Կի­րակո­սեան յի­շեց­նե­լով, որ Ազեր­պայճան՝ Բեր­ձո­րի մի­ջանցքի ին­նամսեայ շրջա­փակու­մէն ետք, 2023 Սեպ­տեմբե­րին յար­ձա­կման նա­խաձեռ­նեց՝ հա­րիւր հա­զարա­ւոր հա­յերը ստի­պելով հե­ռանալու իրենց հայ­րե­նիքէն, նշած է, թէ այս բո­լոր իրա­դար­ձութիւննե­րէն յե­տոյ այդ եր­կի­րը ոչինչ ըրած է, որ­պէսզի փա­փաքող­նե­րը կա­րե­նան ապա­հով վե­րադառ­նան իրենց հայ­րե­նիքը։ Աւե­լի՛ն, Ազեր­պայճան կը ջնջէ Ար­ցա­խի հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութիւ­նը եւ այս հան­գա­մանքնե­րը պատ­ճառ դար­ձած են, որ Հա­յաս­տան դի­մէ այս Ատեանին։