Երեւանի պետական սենեկային երգչախումբը՝ Քրիստինա Ոսկանեանի խմբավարութեամբ, Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած «Հայնուվքա» ուղղափառ եկեղեցական երաժշտութեան 43-րդ փառատօն-մրցոյթին,– որուն այս տարի բացառապէս մասնակցած են նախորդ փառատօներու առաջին մրցանակակիրները,– արժանացած է առաջին մրցանակի՝ «Մասնագիտական երգչախումբեր» անուանակարգին մէջ։
Նշենք, թէ փառատօնի շրջանակին մէջ երգչախումբը ելոյթներով հանդէս եկած է Վարշաւա եւ Պիաուիսթոք քաղաքներու մէջ, լաւագոյնս ներկայացնելով հայ կատարողական արուեստը։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։