Search
Close this search box.

ԼԵՀԱՍՏԱՆ – Վարշաւայի մէջ բացուած է Սերգեյ Փարաճանովի 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս

 

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան աջակցութեամբ, Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի «Զախենթա» արուեստի ազգային պատկերասրահին մէջ բացումը կատարուած է Սերգեյ Փարաճանովի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին։

Ցուցադրութիւնը կը ներկայացնէ հանճարեղ բեմադիրին կեանքն ու գործունէութիւնը՝ դժուարութիւններու, ազատազրկման, հետապնդումներու եւ այլ փուլերուն։

Ցուցահանդէսը իրականացուած է Սերգեյ Փարաճանովի թանգարանի նախաձեռնութեամբ՝ Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, «Զախենթա» արուեստի ազգային պատկերասրահի, Fundacja Polsko-Ormiańska լեհ-հայկական հիմնադրամի համագործակցութեամբ։

Արդէն իսկ լեհ արուեստասէր հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւած ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 2025 Յունուար 12:

Նշենք թէ «Զախենթա» պատկերասրահը, որ ծանօթ է նկարչութեան, քանդակագործութեան եւ այլ տեսակի արուեստներու արդիական գործերու ցուցադրութիւններով, կը նկատուի արդիապաշտ ստեղծագործութիւններու՝ Վարշաւայի լաւագոյն «թանգարանը»։