Search
Close this search box.

Լեհաստանի մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսութեան հիմնադրման 655-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն

Սեպտեմբեր 3-ին, Լեհաստանի մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսութեան հիմնադրման 655-ամեակի հանդիսութեան ծիրէն ներս Քրաքովի Վաւելի մայր տաճարին մէջ տեղի  ունեցած է տիեզերական աղօթք` Կրակովի միտրոպոլիտ Մարեք արքեպիսկոպոս Եդրաշեւսկիի, Լեհաստանի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ` Մարկոս եպիսկոպոս Յովհաննիսեանի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ, Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ` Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանի կողմէ:

Արարողութեան ներկայ եղած են Լեհաստանի Հանրապետութեան Նախագահի խորհրդական Անճէյ Վաշքօ, Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Զապժէի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Հրաչեայ Պոյաճեան, Ներքին գործոց եւ վարչակազմի նախարարութեան վարչութեան տնօրէն Անճէյ Սօսնովսքի եւ Լեհաստանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Խաժակ արք., դիմելով ներկաներուն, իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս ըսած է. «Լեհաստանի մէջ Հայերու ներկայութիւնը գրեթէ 800 տարուան երկար պատմութիւն ունի: Անոնք ողջունուեցան լեհ ժողովուրդին կողմէ եւ ընդելուզուեցան հասարակութեան մէջ նպաստելով Լեհաստանի տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային կեանքին: Մենք կ՚աղօթենք այսօր, որ ինչպէս անցեալին, անոնք պահպանեն իրենց ինքնութիւնը միանալով լեհական հասարակութեան, միաժամանակ նպաստելով այս պատմական, բայց նաեւ ժամանակակից եւրոպական երկրի  ընկերային եւ տնտեսական կեանքին: Այս արարողութեան ընթացքին մենք կ՚աղօթենք Լեհաստանի եւ Հայաստանի համար, ինչպէս նաեւ համայն աշխարհի խաղաղութեան համար: Թող մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի խաղաղութիւնը ըլլայ  բոլորիս հետ եւ թող Ան ոգեշնչէ եւ առաջնորդէ աշխարհի ղեկավարները` խաղաղութիւն բերելու ազգերու եւ ժողովուրդներու միջեւ»:

Քրաքովի միտրոպոլիտ Մարեք արքեպիսկոպոս Ետրաշեւսքի իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշած է. «Քազիմիր Մեծի իշխանութեան ժամանակ, վերջինս հանդիպած է Հայերուն ու անոնց եկեղեցիին: Քազիմիր Մեծը ողջունած եւ հնարաւորութիւն տուած է զարգացնելու իրենց ինքնութիւնը տալով տարբեր արտօնութիւններ եւ ճանչնալով Հայ եկեղեցւոյ առանձնայատկութիւնը: Ժամանակի ընթացքին հայկական համայնքները կրցած են ազատօրէն զարգանալ, ունենալ իրենց սեփական ինքնակառավարումը եւ կը կառավարուէին սովորութային իրաւունքով: Հայերը ներկայ էին Լեհաստանի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ, որոնք ուշադրութիւն կը գրաւէին արեւելեան լեզուներու իմացութեամբ: Անոնց շնորհիւ Լեհերն ալ նոր աշխարհահայեացքով ներկայացան այլ ազգերու, իսկ շատ մը արեւելեան տարրեր արմատաւորուեցան լեհական մշակոյթին մէջ: Լեհական մշակոյթի բացառիկ դէմքեր հանդիսացող Հայերէն են Զամոշցի Սիմէոնը, Ստեփանոս Ռոզկային, եղբայրներ Եոզէֆ Պարթոլոմիեյին եւ Շիմոն Զիմորովիչը, եւ այլք»:

Մարկոս եպս. Յովհաննիսեան ներկաները ողջունած է հետեւեալ խօսքերով. «Աղօթքի լեզուն  մէկ է, քանի որ Աստուած կը լսէ մեզ ինչպէս գրաբարով, լեհերէնով, լատիներէնով, այնպէս ալ մնացած բոլոր լեզուներով: Աստուածային սիրոյ նոյն ակունքէն բխող արժէքներով  կերտուած են մեր` հայ եւ լեհ քրիստոնեայ ժողովուրդներուս մշակոյթները, որոնք որքան ալ տարբեր ըլլան, այնուամենայնիւ, հասկնալի ու հարազատ են իրարու: Փառք կը բարձրացնեմ առ Աստուած, որ հնարաւութիւն կ՚ընձեռէ քրիստոնէական մեր եկեղեցիներուն տիեզերական  համագործակցութիւնը զօրացնելու, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ոգին քարոզելու ամբողջ աշխարհի մէջ»:

Արարողութենէն ետք Լեհաստանի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Ա. Վաշքօ՝ նախագահ Տուտայի կողմէ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի դեսպան Ս. Մկրտչեան եւ պատուոյ հիւպատոս Հ. Պոյաճեան ծաղկեպսակներ  զետեղած են Քազիմիր Մեծ թագաւորի շիրիմին: