Search
Close this search box.

Լեմքին հիմնարկը մտահոգ է Արեւելեան Երուսաղէմի հայկական թաղամասի խնդրով

Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքին հիմնարկը հաղորդագրութեամբ մը իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Արեւելեան Երուսաղէմի հայկական թաղամասի (Կովերու պարտէզ) ամբողջականութեան դէմ գործադրուող ճնշումներու հարցով։

«Հայերը այս աշնան արդէն կորսնցուցին կարեւոր պատմական հող մը՝ Արցախը, որ բռնի կերպով հայաթափուեցաւ, երբ Ազերպայճան ներխուժեց, կոտորեց Հայերը եւ ահաբեկեց գրեթէ ամբողջ հայ բնակչութիւնը։ Անոնք այսօր ալ կանգնած են Երուսաղէմի հայկական թաղամասի զգալի հատուածը կորսնցնելու վտանգի առջեւ: Հայ ժողովուրդը չի կրնար կորսնցնել ուրիշ տարածք մը եւս»,– նշուած է Հիմնարկի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր նաեւ կոչ կ՚ուղղուի Միացեալ Նահանգներուն եւ Իսրայէլի միւս մերձաւոր դաշնակիցներուն երաշխաւորելու հայ համայնքի հողային վէճի պատշաճ լուծումը։