Սեպտեմբեր 18-ին, առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան իր առանձնատան մէջ հանդիպում ունեցած է Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ։
Զրոյցի ընթացքին շօշափուած են Հայաստանի թէ՛ արտաքին անվտանգութեան, թէ՛ ներքաղաքական ծայրայեղ սրուած իրավիճակին առնչուող հարցեր եւ զանոնք յաղթահարելու հնարաւոր ելքերը։
Նշենք, թէ այս տարուան ընթացքին Ամենայն հայոց կաթողիկոսի եւ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի երկրորդ հանդիպումն էր։ Առաջինը տեղի ունեցած էր տարւոյս Փետրուար 23-ին, Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։