Նոյեմբեր 6-ին, երեսփոխանական լիազօրագիրը ստանալէ երեք ժամ ետք, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի որդին՝ Լեւոն Քոչարեան, ելած է «Նուբարաշէն» բանտէն, ուր կը մնար Սեպտեմբեր 22-էն ի վեր, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ընդդիմութեան ցոյցերու ընթացքին ձերբակալուելէ, ապա բանտարկուելէ ետք։ Ան կը մեղադրուէր ոստիկանի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու յանցանքով, թէեւ ենթական հակառակը կը պնդէր, որ ոստիկանները հարուածած են զինք։ «Իմ նկատմամբ կատարուածը անհեթեթութիւն էր։ Շատեր ականատես եղան, թէ ինչպէս կարելի է չորս ոստիկաններ խոշտանգեն մարդ մը եւ վերջն ալ այդ նոյն մարդը բանտարկուի…»։
Նշենք, թէ վերջերս բժիշկ Արմէն Չարչեան հրաժարած էր երեսփոխանի իր լիազօրագրէն, իսկ «Հայաստան» դաշինքի համեմատական ցանկին մէջ ընդգրկուած յաջորդ երեք թեկնածուներն ալ երեսփոխանի լիազօրագրէն հրաժարելու դիմում ներկայացուցած էին։ Այդպէսով լիազօրագիրը յանձնուեցաւ յաջորդ թեկնածունին՝ Լեւոն Քոչարեանին։
Բանտէն ազատ արձակուելէ ետք, դուրսը հաւաքուած լրագրողներու՝ երեսփոխանական լիազօրագրի մասին հարցումներուն պատասխանելով, Քոչարեան նշած է, թէ հիմա չի փափաքիր այդ մասին խօսիլ, որովհետեւ այդ ամէնը անակնկալ էր իրեն համար։ Հաւանաբար աւելի ուշ առիթ կ՚ունենայ այդ մասին խօսելու։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։