Յունուար 8-ին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին մէջ հանդիպում ունեցած է Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին հետ։
Սրբազան հայրը, Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան եւ ժողովուրդին անունով շնորհաւորած է Նորին սրբութիւնը՝ Նոր տարուան եւ Սուրբծննդեան տօներուն առիթով եւ ընդհանուր գիծերու մէջ զեկուցած է Սուրիոյ իրավիճակին եւ վերջին զարգացումներուն մասին։
Վեհափառ Հայրապետը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Բերիոյ Հայոց թեմին եւ թեմի զաւակներուն։
Սրբազան հայրը Նորին սրբութեան յանձնած է գորգագործութեամբ զբաղող՝ հալէպահայ Նանոր եւ Համբարձում Ինճէճիկեանի՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թանգարանին նուիրած մետաքսեայ բարձրորակ գորգ մը, 268×192սմ. մեծութեամբ։
Արուեստի եզակի գործ հանդիսացող մետաքսեայ նրբագեղ գորգը պատրաստուած է հայ վարպետներու ձեռքով եւ շուրջ 250 տարուան պատմական արժէք կը ներկայացնէ։
Սրբազան հայրը յանձնած է նաեւ գորգին նկարագրականը եւ մասնագիտական բացատրութիւնները պարունակող թուղթը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։