Search
Close this search box.

ԼԻԲԱՆԱՆ – Հայաստանի դեսպանատան դիմաց նստացոյց՝ «Ո՛չ յանձնուողական քաղաքականութեան» բնաբանով եւ հանդիպում Հայաստանի դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական միութեան անդամներու մասնակցութեամբ, Մայիս 4-ի երեկոյեան Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցած է նստացոյց՝ «Ո՛չ յանձնուողական քաղաքականութեան» բնաբանով։ Ասոր զուգահեռ, երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցած են Հայաստանի դեսպան՝ Վահագն Աթաբեկեանի հետ, յանձնելու նամակ մը, որուն մէջ կը շեշտուի երիտասարդութեան կտրուկ մերժումը Հայաստանի իշխանութիւններուն յանձնուողական քաղաքականութեան ու հողերու միակողմանի զիջումներուն: