Կեանքի սպառնացող ահաւոր վտանգի կողքին եւ անկէ անդին, Լիբանանի վրայ շղթայազերծուած պատերազմի շարունակուելու պարագային, ընկերային, առողջապահական, կրթական, տնտեսական աղէտներու դէմ- յանդիման կրնայ կանգնիլ ամբողջ երկիրը:
Ա.- Մէկուկէս միլիոնի հասնող գաղթականով,– Լիբանանի նման փոքր երկրի մը համար, ուր աղէտներու հակակշռումի պետական համապատասխան համակարգը թոյլ է,– հակառակ արտաքին օժանդակութիւններուն` դժուար է կացութեան ամբողջական տիրութիւն վերահսկումը ապահովել:
Գաղթակայաններու մէջ մաքրութեան անբաւարարութիւնը, փոխանցիկ հիւանդութիւններու եւ համաճարակներու մնայուն վտանգը, երկարատեւ եւ անբուժելի հիւանդութենէ տառապող անհատներու անհրաժեշտ խնամքի եւ միջավայրի բացակայութիւնը լրջագոյն մարտահրաւէրներու դէմ-յանդիման կը դնեն բոլորը:
Ձմեռնամուտին կրիփի հաւանականութիւնը եւ պսակաձեւ ժահրի (թէկուզ` ոչ վտանգաւոր) տարածումը կրնայ ստեղծել հաւաքական առողջապահական խնդիրներ: Այս բոլորին կողքին, հիմնական հարց կը մնայ հիւանդանոցներու անբաւարար կարողականութիւնը, երբ մեծ թիւով հիւանդանոցներ այսօր արդէն դադրած են գործելէ (երկրի հիւանդանոցներուն 15 առ հարիւրը), երբ շարք մը այլ հիւանդանոցներ կը գործեն ոչ-բնական ընթացքով: Աւելի՛ն, հիւանդանոցները նոյնպէս կը շարունակեն թիրախ դառնալ ռմբահարումի:
Բ.- Հարիւր հազարէ աւելի աշակերտութեան եւ հազարաւոր համալսարանական ուսանողներու գաղթական կարգավիճակը կրթական տարեշրջանին համար հիմնական խնդիր է: Աւելի քան 30.000 ուսուցիչներ այսօր նոյնպէս գաղթական դարձած են եւ ի վիճակի չեն իրենց առաքելութիւնը իրականացնելու: Խաղաղութեան հաստատման պարագային ալ երկար ժամանակի պիտի կարօտի ուսումնական կրթական բոլոր հաստատութիւններու բնականոն գործունէութեան վերադարձը, տրուած ըլլալով որ մեծ թիւով քաղաքացիներու բնակարանները քանդուած են եւ անոնք դատապարտուած են գաղթական ապրելու երկար ժամանակ, երբ այս համածիրին մէջ՝ կրթական հաստատութիւնները այսօր գաղթակայաններու վերածուած են:
Գ.- Տնտեսական տագնապը բնականաբար մեծ թիւով հաստատութիւններ պիտի ստիպէ գործէ արձակելու իրենց պաշտօնեաները եւ գործազրկութիւնը իր կարգին պատճառ պիտի դառնայ ընկերային աղէտի եւ որուն դարմանումին համար պետութեան օժանդակութեան ծրագրերը երբեք չեն կրնար բաւարար ըլլալ եւ երաշխաւորել քաղաքացիին ընթացիկ կարիքները:
Տագնապներու շարքը կարելի է երկարել. այս եւ այլ բազմապիսի դժուարութիւններու տակ պիտի կլանուի ամբողջ ժողովուրդը: Եւ դեռ չենք անդրադառնար երկրի շրջափակման հաւանականութեան մասին, որ տագնապին բնականաբար աւելի սուր ու վտանգաւոր բնոյթ պիտի տայ:
Հայկական պրիսմակէն մօտենալով հարցին, այս բոլորը կանխատեսելով` անհրաժեշտ է մնալ զգօն եւ խուճապային մթնոլորտէ հեռու` կառչիլ գործին: Բոլոր ժամանակներէ աւելի համախմբուած ու կազմակերպուած մնալը, համադրուած աշխատանքը, համայնքի կառոյցներուն աշխատանքին եւ առաքելութեան նեցուկ կանգնելու պատրաստակամութիւնը եւ վերջապէս ներկայ փուլը շրջանցելու համար իւրաքանչիւրին՝ հեռու անձնակեդրոնութենէ՝ բոլորին ցաւն ու տագնապը բաժնեկցելու գիտակցութիւնը անհրաժեշտ են, որպէսզի կարելի ըլլայ թեթեւցնել տագնապը: Անշուշտ հարկ է մի՛շտ ըմբռնել նաեւ իրականութիւնը որ տագնապը համընդհանուր է:
Մինչ այդ մաղթենք, որ այս հաւանականութիւնները մնան պարզապէս մտահոգութիւն եւ շուտով իրականութիւն դառնայ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատումը:
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։