Search
Close this search box.

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը կոչ կ՚ընէ Հայաստանի քաղաքացիներուն՝ առժամաբար խուսափելու Լիբանան այցելութենէն

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան «Արմէնփրէս»-ի թղթակցին հարցումներուն պատասխանելով ըսած է, թէ «Լիբանանի մէջ Իսրայէլի ձեռնարկած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով հայեր չեն տուժած։ Լիբանանի հայաբնակ շրջանները սա պահուս անմիջականօրէն վտանգի ենթակայ չեն, հետեւաբար ներկայիս տարհանում կազմակերպելու կարիք չկայ»։

Ստորեւ՝ դեսպանին հետ Սեպտեմբեր 30-ին տեղի ունեցած հարցազրոյցը.

Հ.– Պարոն Աթաբէկեան, Լիբանանի վերջին զարգացումներու հետեւանքով տուժածներու մէջ կա՞ն հայեր կամ Հայաստանի քաղաքացիներ։

Պ.– Բարեկամ Լիբանանի մէջ վերջին մտահոգիչ իրադարձութիւններու հետեւանքով տուժածներու մէջ հայեր չկան։

Պէյրութի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը մնայուն կապի մէջ է տեղւոյն իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ ըստ անհրաժեշտութեան համայնքային կառոյցներուն հետ՝ հայ քաղաքացիներու խնդիրներուն՝ իր իրաւասութիւններու չափով պատշաճ հասցէագրման նպատակով։

Հ.– Կա՞ն տարհանման ծրագրեր։

Պ.– Լիբանանի այն բնակավայրերը, ուր հայեր կը բնակին, անմիջականօրէն վտանգի ենթակայ չեն, հետեւաբար ապահովութեան նկատառումով ներկայիս տարհանում իրականացնելու անհրաժեշտութիւն չկայ։

Ընդհանուր առմամբ, Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած որեւէ դեսպանութիւն ցարդ իր քաղաքացիները չէ տարհանած. բոլոր երկիրները, իբրեւ կանոն, կը յորդորեն իրենց քաղաքացիներուն լքել երկիրը՝ օգտուելով սովորական կանոնաւոր թռիչքներէն։

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը կ՚աշխատի արտակարգ դրութեամբ, հիւպատոսական ծառայութիւնը կը գործէ՝ սպասարկելու համար Հայաստանի քաղաքացիներուն, կը գործէ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան «թէժ գիծ»-ը։ Դեսպանութիւն դիմած Հայաստանի այն քաղաքացիներուն, որոնց անցագիրը անվաւեր է, անվճար վերադարձի վկայական կը տրուի։

Օգտուելով առիթէն՝ անգամ մը եւս կը յորդորենք Հայաստանի քաղաքացիներուն առժամաբար խուսափիլ Լիբանան այցելելութենէն, բացառաբար խիստ անհրաժեշտ պարագաներէ։

Հ.– Ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք տրամադրել լիբանանա-իսրայէլական սահմանին  տեղակայուած ՄԱԿ-ի խաղաղապահներու կազմին մէջ Հայաստանի զօրախումբին մասին։

Պ.– ՄԱԿ-ի խաղաղապահները, ներառեալ՝ մեր զօրախումբը, որոնց հետ դեսպանութեան եւ ռազմական կցորդի կապը պարբերական է, թիրախաւորման գօտիներէն դուրս կը գտնուին եւ իրենց առաքելութիւնը կը կատարեն ապահով պայմաններու տակ։

Syrian refugees wait to register upon their arrival in the strategic Lebanese border district town of Arsal on Nov. 18, 2013, after fleeing the fighting in the neighboring Syria. Thousands of Syrian refugees have poured into Lebanon over the past week as fighting between government forces and rebels has flared near the border. AFP PHOTO / STR (Photo credit should read -/AFP/Getty Images)

ՄԱԿ-ի տուեալներով շուրջ 100.000 հոգի Լիբանանէն ուղղուած է Սուրիա

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Սեպտեմբեր 30-ի տուեալներով՝ շուրջ 100.000 հոգի Լիբանանէն Սուրիա ուղղուած է՝ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան բուռն յարձակումներուն հետեւանքով ստեղծուած անապահովութեան բերումով։ Ի դէպ, ըստ որոշ լրասփիւռներու՝ ՄԱԿ-ի հաղորդած պաշտօ»նական այս թիւը շատ աւելի մեծ է։ Անկասկած չափազանցուած, սակայն, որոշ լրասփիւռներ մինչեւ մէկ միլիոնի մասին կը խօսին։

Նշենք, թէ Սուրիա լիբանանցիներու ընդունելութեան համար անհրաժեշտ նախապատրաստութիւններ կատարած է՝ հիւանդանոցները պատրաստելով, սահմանին անմիջական մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելով, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ բոլոր վարժարաններուն թելադրելով ընդունիլ Լիբանանէն ժամանած աշակերտներն ու ուսանողները։

***

Պէյրութի երեսփոխանական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ Հանդիպում՝ լիբանանցի գաղթականներուն օժանդակելու նպատակով

Մեր պաշտօնակից «Ազդակ»-ի համաձայն՝ Պէյրութի Երեսփոխանական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, Սեպտեմբեր 27-ին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարուած է հայկական համայնքային, բարեսիրական ու ընկերաբժշկական կառոյցներու եւ կեդրոններու պատասխանատուներու ու ներկայացուցիչներու հանդիպում մը` քննարկելու համար երկրի ներկայ կացութեան մէջ հայահոծ շրջաններուն մէջ կանխազգուշացման եւ նախապատրաստութեան միջոցները:

Երեսփոխան Բագրատունի ժողովականներուն ներկայացուցած է Լիբանանի թատերաբեմի վերջին զարգացումները եւ գաղթականներու հոսքի ծաւալումը: Քննութեան առարկայ դարձած են հոսքին հետ կապուած ընկերային հարցերն ու ճգնաժամերու հետեւանքով համայնքին դիմագրաւած խնդիրները:

Որոշուած է, որ բարեսիրական կեդրոնները, դարմանատուները եւ համայնքային ծառայութեան բաժանմունքները իրենց կարողութիւնները առաւելագոյնս լարելով օժանդակեն լիբանանցի համաքաղաքացիներուն ընկերային ու բժշկական կարիքներուն եւ կատարեն անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններ: