Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը, ամէն տարի Յուլիս 20-ին կ՚ոգեկոչէ իր հիմնադիրին յիշատակը։ Այս տարուան ոգեկոչման ձեռնարկներուն հրաւիրուած էր մասնակցելու նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռին մէջ Հայց Առաքելական եկեղեցւոյ մնայուն ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան։
Առաւօտեան Սրբազան Հայրը այցելեց Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան կեդրոնը, ուր հանդիպում ունեցաւ նորընտիր նախագահ Անթոնիօ Ֆեյժոյի հետ։ Ներկայ էին նաեւ հիմնարկի հոգաբարձութեան մնայուն անդամ Մարտին Եսայեան եւ Հայկական բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան:
Ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած զրոյցին յիշատակուեցաւ հայազգի այլ նշանաւոր դէմք մը եւս՝ ամերիկահայ մտաւորական, «Աւրորա» մրցանակի եւ նախաձեռնութեան համահիմնադիր Վարդան Գրիգորեան, որու Ֆեյժօ առիթ ունեցած էր առնչուելու այն օրերուն երբ Գրիգորեան կը նախագահէր Ամերիկայի Պրաուն համալսարանին։
Սրբազան հայրը գլուխ-գլխի զրոյց մը ունեցաւ նաեւ Մարտին Եսայեանի հետ, որ Գալուստ Կիւլպէնկեանի աղջկան՝ Ռիթա Կիւլպէնկեանի թոռն է։ Ապա ներկաները առաջնորդուեցան դէպի այն այգին, ուր կը գտնուի մեծ բարերարին յուշարձանը. հոն ծաղիկներ զետեղեցին յուշարձանին պատուանդանին վրայ։
Ապա, ժամը 12-ին մօտակայ Igreja de Nossa Senhora do Rosário de Fátima եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ, այնուհետեւ՝ աղօթք հանգուցեալի հոգւոյն խաղաղութեան համար։ Սրբազանը համոզում յայտնեց, որ աշխարհ այսօր կարիք ունի Գալուստ Կիւլպէնկեանի նման անհատներու, որոնք կը հպարտանան իրենց ինքնութեամբ, բայց միաժամանակ օժտուած են համաշխարհային անհատականութեամբ։ Անոր բազմաթիւ միջազգային բարեսիրական ջանքերը կեդրոնացած էին մարդոց կեանքի որակը բարելաւելու՝ արուեստի, բարեսիրութեան, գիտութեան եւ կրթութեան միջոցով։ Բարերարութիւններու շնորհիւ Կիւլպէնկեան դարձաւ լաւ տնտես, ե՛ւ աշխարհի քաղաքացի:
Սրբազան հայրը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան խորհուրդի նախկին եւ ներկայ անդամները, 1956-ի հիմնադրութեան օրէն ի վեր, կը շարունակեն աջակցիլ բազմաթիւ երկիրներու մէջ գիտութեան, կրթութեան, առողջապահութեան եւ արուեստի զարգացման, չանտեսելով մայր հայրենիքի եւ սփիւռքի կարիքները:
Աւելի ուշ, Հիմնարկութեան կեդրոնին մէջ սարքուեցաւ հանդիսաւոր ճաշ մը, որուն մասնակցեցան պատասխանատուները, անձնակազմն ու մեծ թիւով հրաւիրեալներ։
Գալուստ Կիւլպէնկեանի յիշատակութեան օրը եզրափակուեցաւ ժամը 18-ին, կեդրոնի համերգային դահլիճին մէջ Կիւլպէնկեան նուագախումբի համերգով՝ Խոսէ Էտուարտօ Կոմեսի ղեկավարութեամբ։ Մինչ այդ, բեմէն ելոյթ ունեցան հիմնարկի նախագահ Անթոնիօ Ֆեյժօ եւ Փորթուկալի նախագահ Մարսելօ Ռեպելօ տէ Սուզա։
Նախքան համերգը, Խաժակ սրբազան առիթ ունեցաւ ողջունելու երկրի նախագահը, որ ուրախութիւն յայտնեց Սրբազան հօր մասնակցութեան համար։ Համերգին ներկայ էր նաեւ Փորթուկալի եւ Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Կարէն Նազարեան՝ իր կնոջ հետ։ Ի դէպ, յետմիջօրէին դեսպանն ու Սրբազան հայրը այցելած էին Կիւլպէնկեան ժամանակակից արուեստի կեդրոն, ուր ցուցասրահներուն մէջ վերջերս բացուած է ամերիկահայ նկարիչ Արշիլ Կորքիի եւ փորթուկալցի Ժորժ Քեյրոզի գծանկարներու եւ կտաւներու ցուցահանդէսը։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։