Search
Close this search box.

ԼԻՈՆ – Բարեսիրական ընթրիք Լիոնի քաղաքապետարանին մէջ ի նպաստ Արցախի գաղթականներուն 

Հինգշաբ­թի, Մա­յիս 16-ին, Ֆրան­սա­հայ կա­պոյտ խա­չը, Լիոնի Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեցին Կեդ­րո­նական Ֆրան­սա­յի CCAF-ին հետ միաս­նա­բար կազ­մա­կեր­պե­ցին բա­րեսի­րական ընթրիք մը՝ ի նպաստ Հա­յաս­տան ապաս­տա­նած ար­ցա­խահա­յերուն։

Պրն Կրե­կորի Տու­սէ մեզ ըն­դունեց Լիոնի քա­ղաքա­պետա­րանի սրահ­նե­րուն մէջ այս նշա­նակա­լից երե­կոյ­թին հա­մար, որ առի­թը ըն­ձե­ռեց ներ­կա­յաց­նե­լու Կա­պոյտ խա­չի եւ Եկե­ղեց­ւոյ ծրագ­րե­րը, որոնք նա­խատե­սուած են ար­ցախցի­ներու հա­մարկման հա­մար Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Ընթրի­քին ներ­կայ էին բազ­մա­թիւ անձնա­ւորու­թիւններ՝ Լիոնի մէջ Հա­յաս­տա­նի գլխա­ւոր հիւ­պա­տոս տի­կին Նա­րինէ Նի­կոլեան, Լիոնի Մեթ­րո­փոլի փոխ­նա­խագահ տի­կին Տիւ­վի­վիէ, ծեակու­տա­կան Ժիլ­պէր-Լիւք Տը­վինազ, երես­փո­խան տի­կին­ներ Անն Պրիւ­նիէրա, Սա­ռա Թան­զի­լի, Շառ­լոթ Կա­րին, երես­փո­խան պրն Թո­մաս Ռոտ­րի­կոս, թեմիս առաջ­նորդ Գրի­գոր եպիսկ. Խա­չատ­րեան, Լիոնի՝ մի­ջազ­գա­յին յա­րաբե­րու­թիւննե­րու, հա­մագոր­ծակցու­թեան եւ զօ­րակ­ցութեան գծով փոխ­քա­ղաքա­պետ տի­կին Սո­նիա Զտո­րով­ցոֆ, Ֆրան­սա­յի մէջ Ար­ցա­խի Հան­րա­պետու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչ պա­րոն Յով­հաննէս Գէոր­գեան, Եւ­րո­պայի մէջ ՀՕՄ-ի ներ­կա­յացու­ցիչ տի­կին Լի­զա Ժի­լիպէր, CCAF-ի ազ­գա­յին գրա­սենեակի հա­մանա­խագահ պրն Մու­րատ Փա­փազեան, Կեդ­րո­նական Ֆրան­սա­յի CCAF-ի նա­խագահ պա­րոն Րաֆ­ֆի Թան­զի­լի, ինչպէս նաեւ բազ­մա­թիւ ընտրեալ­ներ, շրջա­նի միու­թիւննե­րու պա­տաս­խա­նատու­ներ եւ ան­դամներ, հիմ­նադրամ­նե­րու ներ­կա­յացու­ցիչներ եւ բա­րեկամ­ներ:

Քա­ղաքա­պետ Կրե­կորի Տու­սէ բարձր գնա­հատեց Ֆրան­սա­յի եւ Հա­յաս­տա­նի հա­մագոր­ծակցու­թիւնը եւ կազ­մա­կեր­պիչ միու­թիւննե­րու աշ­խա­տան­քը, յայ­տա­րարե­լով քա­ղաքա­պետու­թեան գան­ձատրա­կան նպաս­տը Կա­պոյտ խա­չի՝ ար­ցախցի­ներու բնա­կարա­նաշի­նու­թեան ծրագ­րին: Ելոյթնե­րով անոր յա­ջոր­դե­ցին տի­կին Նա­րինէ Նի­կոլեան եւ պա­րոն Յով­հաննէս Գէոր­գեան։

Այ­նուհե­տեւ խօսք առաւ Ֆրան­սա­հայ կա­պոյտ խա­չի նա­խագահ տի­կին Սե­ւան Մար­տի­րոսեան։ Ան իր ելոյ­թին մէջ ներ­կա­յացուց «Յոյ­սի օճախ­ներ» ծրա­գիրը, որու նպա­տակն է Հա­յաս­տա­նի մէջ ամուր հիմ­քեր հաս­տա­տել ար­ցա­խահա­յու­թեան հա­մար՝ մշա­կելի հո­ղով բնա­կարան­ներ ապա­հովե­լով եւ երաշ­խա­ւորե­լով անոնց հա­մար­կումը տե­ղական կեան­քին՝ ապ­րուստի մի­ջոց­նե­րով եւ ըն­տա­նիք­նե­րու հա­մար ար­ժա­նապա­տիւ բնա­կարա­նով՝ անհրա­ժեշտ են­թա­կառոյցներ (դպրոց­ներ, խնամ­քի հա­սանե­լիու­թիւն եւ այլն) ու­նե­ցող գիւ­ղե­րու մէջ: Այ­նուհե­տեւ Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ Ֆրան­սա­յի թե­մական խոր­հուրդի նա­խագահ պրն Ռի­շար Կա­զարեան ներ­կա­յացուց Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ՝ ար­ցախցի­ներու բա­րոյատնտե­սական աջակ­ցութեան ծրա­գիրը։ Ապա ցու­ցադրուեցան այս ծրագ­րե­րուն մա­սին պատ­րաստուած տե­սանիւ­թեր ներ­կա­ներուն, անոնց ման­րա­մասն բա­ցատ­րութիւններ տա­լու եւ բո­լորին առա­տաձեռ­նութեան կոչ ընե­լու հա­մար:

Երե­կոյ­թի աւար­տին՝ պա­րոն Մու­րատ Փա­փազեան յի­շեց, որ հա­կառակ հան­գա­մանքնե­րուն՝ մենք չենք մոռ­նար ո՛չ Ար­ցա­խը, ո՛չ ալ Պա­քուի մէջ պա­հուող բան­տարկեալ­նե­րը։ Ան այսպէ­սով կոչ ըրաւ Լիոնի քա­ղաքա­պետին միանա­լու պա­տուի­րակու­թեան, որ կը պա­հան­ջէ անոնց ազատ ար­ձա­կու­մը, ինչպէս նաեւ կը դա­տապար­տէ COP29 հա­մաժո­ղովի կազ­մա­կեր­պումը Պա­քուի մէջ 2024-ի տա­րեվեր­ջին մօտ, կոչ ըրաւ նաեւ մեր­ժե­լու Ֆրան­սա­յի մաս­նակցու­թիւնը այդ հա­մաժո­ղովին։

Երե­կոյ­թը վերջ գտաւ բազ­մա­թիւ նուիրատ­ւութիւննե­րու խոս­տումնե­րով եւ բազ­մա­թիւ շփումնե­րով ընտրեանե­րու հետ, որոնք խիստ հե­տաքրքրուած էին այս ծրագ­րերով: