Search
Close this search box.

Լոյս տեսած է Արմենակ Անդրանիկեանի «Դժոխքէն դրախտ» հատորը

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսած է Արմենակ Անդրանիկեանի «Դժոխքէն դրախտ» հատորը։

Գիրքը՝ Քղի (Էրզրումի նահանգ) ծնած Արմենակ Պետիկեան-Անդրանիկեանի կեանքին առաջին երեք տասնամեակներուն (1893-1920) յուշագրութիւնն է։

Հեղինակին յուշերը շատ կարեւոր են որպէս ականատես անձի վկայութիւն։ Նախ՝ շահեկան են ցեղասպանութենէն առաջ Քղիի աւելի քան երեք տասնեակ գիւղերու մէջ, քիւրտերու կողքին ապրող հայ բնակչութեան մասին իր տուած տեղեկութիւնները. ապա՝ շատ կարեւոր են Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող իր պատմած դէպքերը։ Քիւրտերու կողքին ապրած ըլլալով, ան վկայած է անոնց աղէտաբեր մասնակցութիւնը ցեղասպանութեան։

Վերջապէս, պատմութեան համար կարեւոր է նաեւ իր նկարագրութիւնը Կարին-Էրզրումի ինքնապաշտպանութեան մասին (1917-1918), անկէ զանգուածային նահանջին դէպի Կարս եւ Ալեքսանդրապոլ, ինչպէս նաեւ Զօրավար Անդրանիկի կամաւորական բանակին, մինչեւ հիւսիսային Պարսկաստան անոր կատարած արկածախնդրական արշաւանքին մասին։

15 գլուխներէ բաղկացած հատորը ունի նաեւ երկու քարտէս եւ Անդրանիկեանի ձգած անձնական արխիւէն որոշ լուսանկարներու եւ փաստաթուղթերու պատճէններ։