Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան եւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան աջակցութեամբ «Անտարես» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է հայ մեծանուն բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի «“Ծիածանը” եւ․․․» խորագրով երկլեզու (հայերէն եւ ֆրանսերէն) բանաստեղծական ժողովածուն։ Շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է Հոկտեմբեր 28-ին Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ։
Հատորը նուիրուած է Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 125-ամեակին եւ մահուան 85-րդ տարելիցին։
“Մենք շատ ուրախ ենք, որ աջակցած ենք Չարենցի թանգարանին, թարգմանած ու խմբագրած ենք գիրքը, եւ առաջին անգամ՝ հայերէնէ ֆրանսերէն։ Ֆրանսայի դեսպանութեան համար շատ կարեւոր է ֆրանսախօս հանրութեան կարելիութիւն ընձեռել մօտէն ճանչնալու Չարենցի բանաստեղծութիւնները”,– յայտնած է Ֆրանսայի դեսպանութեան մշակոյթի և համագործակցութեան հարցերու խորհրդական Կիյոմ Նարժոլէ։
Ժողովածուն կ՚ընդգրկէ չարենցեան 74 բանաստեղծութիւն հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։ Գիրքը խորագրուած է «“Ծիածանը” եւ․․․», քանի որ հոն տեղ գտած են ոչ միայն Չարենցի «Ծիածանը» շարքը, այլեւ բանաստեղծութիւններ անոր հանրայայտ այլ շարքերէն։ Ֆրանսերէն թարգմանութիւններու հեղինակն է անուանի թարգմանիչ Արամ Բարլեզիզեան
Ժողովածուն կ՚ընդգրկէ չարենցեան 74 բանաստեղծութիւն հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։ Գիրքը խորագրուած է «“Ծիածանը” եւ․․․», քանի որ հոն տեղ գտած են ոչ միայն Չարենցի «Ծիածանը» շարքը, այլեւ բանաստեղծութիւններ անոր հանրայայտ այլ շարքերէն։ Ֆրանսերէն թարգմանութիւններու հեղինակն է անուանի թարգմանիչ Արամ Բարլեզիզեան (մահացած՝ 2022 Մարտին, 85 տարեկանին)։
։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։