Search
Close this search box.

ԼՈՆՏՈՆ – Ընդունելութիւն եւ երդման արարողութիւն դեսպանատան նոր շէնքին մէջ

Դեկտեմբեր 15-ին, Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան նոր շէնքի յարկին տակ ամանորեայ տօներուն ընդառաջ կազմակերպուած է ընդունելութիւն՝ բրիտանահայ համայնքի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: 

Դեսպան Վարուժան Ներսէսեան շնորհաւորած է համայնքին անդամները դեսպանութեան նոր շէնքը ձեռք բերելու կապակցութեամբ՝ զայն որակելով հայ-բրիտանական յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղուած լուրջ և խորհրդանշական քայլ մը:

Ան շնորհակալութիւն յայտնած է հայ համայնքին՝ անցնող 30 տարիներուն Հայ տան մէջ դեսպանութիւնը հիւրընկալելուն համար:

Նոյն օրը, նոյն վայրին մէջ տեղի ունեցած է նաեւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած անձերու երդման արարողութիւնը։