Search
Close this search box.

ԼՈՆՏՈՆ – Ժաննա Անդրէասեան Բրիտանական թանգարանին մէջ քննարկած է Անահիտ չաստուածուհիի պրոնզէ արձանէն պահպանուած նմուշներու՝ Հայաստանի մէջ ցուցադրելու հարցը

Մայիս 21-ին, Լոնտոն կատարած այցի շրջանակին մէջ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան այցելած է Բրիտանական թանգարան  եւ հանդիպում ունեցած տնօրէնի առժամեայ պաշտօնակատար Մառք Ճոնսի հետ: Կողմերը քննարկած են Սեպտեմբերին Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ նախատեսուող «Մայր աստուածութիւն․ Անահիտէն Մարիամ» խորագրով միջազգային միացեալ ցուցահանդէսի կազմակերպման վերաբերող հարցեր:

Նշենք, թէ ցուցահանդէսի ծիրին մէջ պիտի ցուցադրուին Անահիտ չաստուածուհիի պրոնզէ արձանէն պահպանուած գլուխի ու ձեռքի նմուշները, որոնք Հայաստան պիտի փոխադրուին Սեպտեմբեր 21-ին եւ պիտի մնան մինչեւ 2025 Մարտ ամիսը։

Տիկին Անդրէասեան նոյն օրը այցելած է նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ Ազգային դրադարան, ուր գալ տարի պիտի կազմակերպուի հայ-բրիտանական կապերուն նուիրուած ցուցահանդէս: