Search
Close this search box.

Լուիս Մորենօ Օքամփոյի արշաւը՝ ի խնդիր Պաքուի ռազմագերիներու ազատ արձակման

Պաքուի տի­րակա­լին հա­մար ամէն կող­մէ վա­ռած են կա­նաչ լոյս, բռնի ու­ժով կա­տարուած բո­լոր գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը նե­րուած են։ Ան կը վա­յելէ Արեւ­մուտքի, Ռու­սաստա­նի, Թուր­քիոյ, Իրա­նի եւ Չի­նաս­տա­նի զօ­րակ­ցութիւ­նը, շնոր­հիւ՝ իր քա­րիւ­ղի եւ կա­զի ար­տադրան­քին ու հա­րաւ-հիւ­սիս ու արե­ւելք-արեւ­մուտք հա­ղոր­դակ­ցու­թեան աշ­խարհագ­րա-

կան-ռազ­մա­վարա­կան դիր­քին։ Անոր պակ­սո­ղը «Զան­գե­զու­րի մի­ջանցք»-ն է՝ ամ­բողջաց­նե­լու հա­մար արե­ւելք-արեւ­մուտք կա­պը, դէ­պի Նա­խի­ջե­ւան, Թուրքիա եւ Եւ­րո­պա ճա­նա­պար­հը։

Ազեր­պայճա­նի՝ մար­դա­սիրա­կան ու մի­ջազ­գա­յին օրէն­քը ոտ­նա­կո­խող արարքնե­րը չար­ժա­նացան մի­ջազ­գա­յին հա­սարա­կու­թեան պա­տիժ­նե­րուն։ Փո­խարէ­նը, մեծ դե­րակա­տար­նե­րու մի­ջեւ տնտե­սական կա­պերը եր­թա­լով զար­գա­ցան։ Ազեր­պայ­ճա­նով հե­տաքրքրուած է մաս­նա­ւորա­պէս Իս­րա­յէլ, որ այդ երկ­րին մի­ջոցով Իրա­նի հիւ­սի­սային սահ­մա­նը վե­րահսկե­լու հնա­րաւո­րու­թիւն ձեռք ձգած է։

Մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի դի­տան­կիւնէն այս անտրա­մաբա­նական վե­րաբե­րու­մին դէմ Սա­սունցի Դա­ւիթի նման ոտ­քի կանգնած է Պատ­ժա­կան մի­ջազ­գա­յին ատեանի նախ­կին գլխա­ւոր դա­տախազ Լուիս Մո­րենօ Օքամ­փօ, որ Յու­լիս ամի­սէն յա­խուռն կեր­պով նա­խաձեռ­նեց Ազեր­պայճա­նի մէջ տա­կաւին բան­տարկուած ռազ­մա­գերի­ներու ազատ ար­ձակման ար­շա­ւին, կոչ յղե­լով հա­մախմբուելու աշ­խարհի հայ հա­մայնքնե­րուն, ըն­կե­րային ցան­ցե­րու վրայ դա­տապար­տե­լու 2024 նո­յեմ­բե­րին Պա­քուի մէջ կա­յանա­լիք՝ կլի­մայի փո­փոխու­թեան ՄԱԿ-ի 29-րդ հա­մաժո­ղովը (COP29)։

Օքամ­փո­յի գնա­հատա­կանով՝ «անկա­րելի է ան­տե­սել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ Ազեր­պայճա­նի գոր­ծած ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը։ Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի ժո­ղովուրդը վե­րադար­ձի իրա­ւունք ու­նի: Աշ­խարհի բո­լոր եր­կիրնե­րը գի­տեն այդ, եւ ո՛չ ոք ոչի՛նչ կ՚ընէ։ Ես կը հա­ւատամ հա­յերու վե­րադար­ձին Լեռ­նա­յին Ղա­րաբաղ։ Ամէն ինչ կա­րելի է»։

Եթէ աշ­խարհի երե­սին չկայ պե­տու­թիւն մը որ ան­խարդախ կեր­պով Հա­յաս­տա­նի կողմնա­կից է եւ ան­վե­րապահ կեր­պով հա­կազ­դած է Ար­ցա­խի բնակ­չութեան տե­ղահա­նու­մին,– որ ցե­ղաս­պա­նական արարք մըն էր,– սա­կայն ասոր փո­խարէն բա­րեբախ­տա­բար կան մի­ջազ­գա­յին հե­ղինա­կու­թիւն վա­յելող ան­ձեր, ինչպէս՝ ար­ժանթին­ցի դա­տախազ Օքամ­փօն, որոնք ան­սա­կարկ կեր­պով կը պայ­քա­րին դա­տապար­տե­լու Ազեր­պայճանն ու անոր բռնա­կալը։ Ան X-ի վրայ սկսած է իր ար­շա­ւը հե­տեւեալ նշան­նե­րով՝ #COP 29, #FreeArmenianHostages, #StopGreenwashGenocide, յայտնե­լով թէ՝ «ին­ծի հա­մար մեծ պա­տիւ է որե­ւէ ձե­ւով օգ­նել հա­յերուն, հա­մաշ­խարհա­յին այս ճգնա­ժամա­յին իրա­վիճա­կին մէջ։ Մենք կը ցան­կանք օգ­տա­գոր­ծել այն կա­րելիու­թիւննե­րը, զորս այ­սօ­րուան աշ­խարհին կ՚ըն­ձե­ռեն ըն­կե­րային ցան­ցե­րը։ Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի հա­յերը հզօր ձայն ու­նին, նաեւ Հա­յաս­տա­նը մարդկա­յին հսկա­յական ուժ ու­նի ամ­բողջ աշ­խարհի մէջ։ Զիս գրա­ւեց հայ­կա­կան խումբե­րու հետ միասին ար­շաւ կազ­մա­կեր­պե­լու ու աշ­խա­տելու առա­ջար­կը եւ ես կը հա­ւատամ, որ առա­ջին բա­նը, որ պէտք է ընել, ըն­կե­րային ցան­ցե­րու հսկա­յական հա­մայնք ստեղ­ծելն է, ուր հա­յերը կը պաշտպա­նեն հա­յերը: Յե­տոյ կը ներգրա­ւենք կլի­մայի փո­փոխու­թեան դէմ պայ­քա­րող մար­դիկ, որոնք նոյնպէս կը պաշտպա­նեն հա­յերը։ Ա՛յս է ծրա­գիրը»։

Պարզ է որ Ազեր­պայճա­նի հետ խա­ղաղու­թեան պայ­մա­նագ­րի ստո­րագ­րութիւ­նը եւ սահ­մա­նազատ­ման գոր­ծընթա­ցը սա­ռած են, սպա­սելով ԱՄՆ-ու ընտրու­թեան ար­դիւնքնե­րուն։ Մին­չեւ նո­յեմ­բե­րի COP 29-ի հա­մագու­մա­րը Ազեր­պայճան պի­տի են­թարկուի ճնշումնե­րու, առ­նուազն իր պա­հած 23 ռազ­մա­գերի­ները ազատ ար­ձա­կելու հա­մար։

Զար­մա­նալիօրէն Օքամ­փո­յի կո­չը տա­կաւին Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովրդա­յին խա­ւերուն մէջ չէ ար­ժա­նացած յա­տուկ ու­շադրու­թեան։ Իսկ ընդ­դի­մու­թիւնը, բո­լորո­վին ան­տարբեր կը մնայ, տա­կաւին կեդ­րո­նանա­լով Բագ­րատ արք. Գալստա­նեանի «Տա­ւու­շը յանուն Հայրենիքի» շար­ժու­մը վերակենդանացնելու նպա­տա­կին վրայ։

Ժ.Չ. ■