Search
Close this search box.

Լուիս Մորենօ Օքամփօ. «Արցախի Հայութեան դէմ Ազերպայճանի քաղաքականութիւնը ցեղասպանական ոճիր է»

Լուիս Մորենօ Օքամփօ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Յուլիս 29-ին նամակով մը դիմած էր Միջազգային պատժական ատեանի նախկին դատախազ (2003-2012) Լուիս Մորենօ Օքամփոյին, որ փորձագիտական իր կարծիքը յայտնէ Արցախի շուրջ տիրող կացութեան մասին։

Օքամփօ Օգոստոս 8-ին հրապարակուած իր եզրակացութեան մէջ, Արցախի դէմ Ազերպայճանի ներկայիս վարած քաղաքականութիւնը կ՚որակէ ցեղասպանական ոճիր։

«Իմ ներդրումը բերելով՝ պարտիմ բացատրել, թէ ինչո՛ւ Լեռնային Ղարաբաղի Հայերուն դէմ կատարուածը պէտք է համարել ցեղասպանութիւն. համաձայն Ցեղասպանութեան միջազգային համաձայնագրի 2-րդ յօդուածի «գ» կէտին ցեղասպանութիւն կը համարուի՝ «[Մարդկային] խումբի մը դիտաւորեալ կեանքի [յատուկ] պայմաններ պարտադրելը, որ կը միտի անոր  (մարդկային տուեալ խումբին – «ՆՅ») ֆիզիքական ոչնչացման»:

«Չկան դիակիզարաններ կամ սուրերով յարձակումներ։ Սովը ցեղասպանութեան անտեսանելի զէնքն է. առանց անյապաղ արմատական փոփոխութեան՝ այդ Հայերը քանի մը շաբաթէն պիտի բնաջնջուին»,– կը յայտնէ Օքամփօ:

Ան կ՚ըսէ նաեւ, թէ այսօր պատահածը կը լրացնէ ողբերգական շրջանակը. «Հայերու նկատմամբ 1915-ին թուրք կառավարիչներու վերաբերումը եւս կը հանդիսանար ցեղասպանական արարք, քանի որ նոյնպէս կը վերաբերէր կեանքի պայմաններու պարտադրման»:

«Իբրեւ ոլորտին մէջ որոշ փորձառութեան տէր անձնաւորութիւն՝ ինծի համար պատիւ էր իմ ներդրումը ունենալ՝ տրամադրելով անաչառ զեկոյց, եւ ես պատրաստ եմ աջակցելու որեւէ կողմի, որ պատասխանատւութիւնն ունի կանխելու Հայոց ոչնչացումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ»,– կ՚եզրափակէ Օքամփօ: