Պատժական միջազգային դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ իր զեկոյցին մէջ յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ դարերէ ի վեր ապրած Հայերուն դէմ ցեղային զտումները ցեղասպանութիւն են, իսկ տեղահանութիւնը՝ մարդկութեան դէմ ոճիր։
Ան յիշեցուցած է, որ Դեկտեմբեր 2023-ին կը լրանայ ցեղասպանութեան մասին համաձայնութեան ընդունման 75-ամեակը, որ կը վկայէ ցեղասպանութեան իրագործումը ժխտելու հարցով մասնակից պետութիւններու հետեւողական կեցուածքի մասին։ Սակայն աշխարհը ականատես դարձած է այլ իրավիճակի մը, երբ հետեւողականօրէն անտեսուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հայերուն դէմ իրագործուող ցեղասպանութեան մասին տեղեկատւութիւնը։
«Ինչ կը վերաբերի Ցեղասպանութեան համար պատժելու պարտաւորութեան, ապա մասնակից պետութիւնները, ինչպէս՝ Ֆրանսա կամ Մեծն Բրիտանիա, կրնան նպաստել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի առնչուող իրավիճակին՝ Պատժական միջազգային ատեան ներկայացման»,– նշուած է Օքամփոյի զեկոյցին մէջ։
Ըստ անոր՝ ցեղասպանութեան կանխարգիլման ամէնէն հրատապ քայլն է վերջ տալը Լեռնային Ղարաբաղի երեք նախկին նախագահներուն եւ հինգ այլ հասարակական առաջնորդներուն մարմնական եւ հոգեկան լուրջ վնասներ պատճառելու վտանգին։
«Անոնց գերութիւնը ցեղասպանութեան մէկ մասն է եւ ուղերձ հայերուն՝ եթէ վերադառնաք Լեռնային Ղարաբաղ ձեզ սովամահ կ՚ընեն, կ՚ազատազրկեն կամ կը սպանեն»,– շեշտած է Օքամփօ։
Ան իր զեկոյցին կից հրապարակած է նաեւ Արցախի նախկին Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանի մասին տեսանիւթը, ուր կը ներկայացուի անոր կեանքի պատմութիւնը, թէ ինչպէս հայրը զոհուած է Արցախեան առաջին պատերազմին, ինք ալ պայթումի հետեւանքով կորսնցուցած է տեսողութիւնը։
Օքամփօ աւել-ցուցած է, թէ 2024 Փետրուար 1-էն, երբ Հայաստան պիտի դառնայ Պատժական միջազգային ատեանի անդամ եւ Ատեանը իրաւասութիւն պիտի ունենայ հետաքննելու Հայաստանի նկատմամբ Ալիեւի վարչակարգի յանցագործութիւնները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։