Որքան օրերը կ՚անցնին այնքան Ազերպէյճանի հետ շուտափոյթ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու հեռանկարը կը տժգունի, հակառակ Հայաստանի պետական դէմքերու բերնէն հնչող ցանկութեան … ինչ որ ցոյց կու տայ Հայաստանի՝ խաղաղութիւն կնքելու վճռորոշութիւնը մէկ կողմէ եւ միւս կողմէ ալ՝ երկդիմի ռազմավարութիւնը Ազերպայճանի, որ միշտ նոր նախապայմաններ կը պարտադրէ, որոնց իրականացումը կը մնայ անընդունելի կամ անիրագործելի։ Հայաստանի արեւմտեան գործընկերները բնական է որ կը հասկնան այս խաղը, սակայն անոր առաջքն առնելու անկարող կը թուին ըլլալ, նկատի ունենալով միջազգային քաղաքական իրավիճակը։
Փոխարէնը Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը անուղղակի միջոցներ ի գործ կը դնեն ու յայտարարութիւններ կը կատարեն իրենց պաշտօնական դիրքորոշումը յայտնելու Ազերպայճանի վրայ ճնշում բանեցնելու նպատակով։ Ինչպէս՝ Արցախահայութեան Արցախ վերադառնալու իրաւունքի պահանջը, Արցախի պատմամշակութային արժէքներու պաշտպանութեան կոչերը…
Բանակցային ու դիւանագիտական այս գործընթացներուն զուգահեռ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը աւելի ու աւելի կ՚աշխուժացնեն նաեւ ռազմական, քաղաքական ու մարդասիրական իրենց օժանդակութիւնը Հայաստանին։
Յուլիս 22-ին, ԵՄ-ի Արտաքին գործոց նախարարները Հայաստանի ի նպաստ կայացուցուցին պատմական երկու որոշում. վիզայի ջնջումի երկխօսութեան մեկնարկը եւ առաջին անգամ ըլլալով՝ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամէն Հայաստանին 10 միլիոն եւրոյի տրամադրումը, որուն նպատակն է բարձրացնել Հայաստանի զինուած ուժերու նիւթաթեքնիքական կարողութիւնները եւ նպաստել ճգնաժամային ու արտակարգ իրավիճակներու մէջ խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութեան բարելաւման։
Իբր նպատակ նշուած է նաեւ բարձրացնել Հայաստանի դիմադրողականութիւնը, արագացնել զինուած ուժերու փոխգործունակութիւնը, ինչպէս նաեւ հետագային միջազգային, ներառեալ՝ Եւրոպական Միութեան կազմակերպած ռազմական առաքելութիւններուն ու գործողութիւններուն Հայաստանի հնարաւոր մասնակցութիւնը։
Յատկացուած 10 միլիոնը մեծ գումար չէ, սակայն սկիզբ մըն է ճամբայ հարթելու, չափելու ներքաղաքական ու տարածաշրջանային երկիրներու հակազդեցութիւնները։ Նոյնպէս՝ վիզայի ջնջումը, որ Եւրոպական Միութեան հետ գործընկերութեան սերտացման կարեւոր քայլ մըն է։
Այստեղ պէտք է ընդգծել որ հակառակ Հայաստանի ռուսական առաջնորդութեամբ ՀԱՊԿ-ի ռազմական դաշինքին անդամակցութեան, Եւրոպական Միութիւնը արգելք չի տեսներ ապագային Հայաստանի ռազմական մասնակցութեան՝ իր զինեալ առաքելութիւններուն։
Նոյնն է պարագան, ԱՄՆ-ու հետ ռազմական գործակցութեան։ ԱՄՆ-ու Եւրոպական Զինեալ ուժերու հրամանատարութիւնը, Հայաստանի մէջ, Յուլիս 15-24 «Eagle Partner 2024» («Արծիւ գործընկեր 2024») ռազմափորձեր կատարեց։
Իսկ աւելի զարմանալին այն է որ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ պիտի գործէ ամերիկեան բանակի ներկայացուցիչի մը գրասենեակը, որու մասին ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան տեղակալ Ուզրա Զեյա յայտարարեց Հայաստան այցելութեան առթիւ, նշելով. «մենք կ՚ողջունենք ԱՄՆ-ու եւ Հայաստանի միջեւ պաշտպանա-քաղաքացիական համագործակցութեան խորացումը»։
Բնականաբար, Ազերպայճան արտայայտուեցաւ բացասաբար, յատկապէս Եւրոպական Խաղաղութեան հիմնադրամի նպաստի յատկացումին առթիւ։ Ռուսաստան եւս, անմիջապէս հակազդեց արգելք դնելով Հայաստանէն Ռուսաստան կարգ մը բանջարեղէններու ներածումին։
Մինչ այդ, Ժողովրդավարական ուժերու հարթակ անուան տակ՝ Հայաստանի եւրոպամէտ չորս կուսակցութիւններ՝ «Հանրապետութիւն», «Յանուն Հանրապետութեան», «Եւրոպական» եւ «Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական», դիմեցին ստորագրահաւաքի մը, որպէսզի կայացուի ԵՄ-ին անդամակցելու հանրաքուէ։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։