Search
Close this search box.

Խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ Ալիեւի անհատնում պահանջները…

Ազերպայճանի  նախագահ  Իլհամ  Ալիեւ ռուսական լրասփիւռներէն մէկուն տուած հարցազրոյցին կրկին անդրադարձած է խաղաղութեան համաձայնագրին,  ներկայացնելով իր երկրին անհատնում պահանջները,  որոնք կը վերաբերին միջազգային ատեաններուն մէջ փոխադարձ բողոքներէ հրաժարելու,  սահմանէն՝ այլ երկիրներու ներկայացուցիչները հեռացնելու,  Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելու եւ Մինսքի խումբը լուծարքի ենթարկելու։

Հարցազրոյցին  մէջ  Ալիեւ  խօսած  է  նաեւ  Հայաստանի  սպառազինութեան  մասին։  “Հակառակ անոր որ  Արեւմուտքի  սպառազինութիւններու  մեծ  մասը  Հայաստան  կը  ստանայ  անվճար  կամ  վարկով,  բայց  նոյնիսկ  այդ  պարագային  անոնք  մեզի  հետ  սպառազինութիւններու  մրցավազքին  պիտի չդիմանան։  Ղարաբաղեան  երկրորդ  պատերազմի, 2023  Սեպտեմբերի  գործողութեան  հետեւանքները պէտք  չէ  մոռնան։  Անոնք նաեւ  պէտք  է  հասկնան,  որ  ի հեճուկս  Մաքրոնի վարչակազմին,  ինչպէս  նաև  ԱՄՆ-ու  Արտաքին գործոց նախարարութեան  աջակցութեան,  եթէ  անոնք  մեր  դէմ  յաջորդական գրգռութիւնը  ծրագրեն,  փաստօրէն  անոնց  ո՛չ  ոք  պիտի օգնէ”,  յոխորտացած  է  Պաքուի  բռնապետը։

«300.000 ազերպայճանցի պաշտօնապէս դիմում կատարած է Հայաստանի ղեկավարութեան»

Նոյն հար­ցազրոյ­ցին Ալիեւ ըսած է, թէ շուրջ 300.000 ազեր­պայճան­ցի պաշ­տօ­նապէս դի­մում կա­տարած է Հա­յաս­տա­նի ղե­կավա­րու­թեան, որ­պէսզի իրենց վե­րադար­ձին, վե­րահա­մարկման հա­մար պայ­մաններ ստեղ­ծուին։ Ան աւել­ցուցած է, թէ խօս­քը 1980-1990-ական­նե­րուն Հա­յաս­տա­նէն հե­ռացած ազեր­պայճան­ցի­ներու մա­սին է։ 

“Անոնք վե­րադառ­նա­լու իրա­ւունք ու­նին։ Հա­յաս­տա­նի ղե­կավա­րու­թե­նէն տա­կաւին պա­տաս­խան չենք ստա­ցած, թէ ինչպէս կը պատկերացնեն ազեր­պայճան­ցի­ներու՝ իրենց պատ­մա­կան հո­ղերը վե­րադար­ձի գոր­ծըն­թա­ցը”,– ընդգծած է Ազեր­պայճա­նի նա­խագահը։